Asbarez պարբերականը անդրադարձած է Յորդանանի մէջ բնակող հայ ընտանիքի պատմութեան, որուն ծանօթացած է յօդուածի հեղինակ Քեթրին Եսայեանը Յորդանան կատարած այցելութեան ընթացքին:
Վերջինս ծանօթացած է Աքապա քաղաքին մէջ բնակող Ռաֆֆի եւ Լեւոն եղբայրներուն հետ, որոնք քաղաքին մէջ լաւ յայտնի լուսանկարչական խանութ ունին, որ հիմնած է անոնց մեծհայրը:
Անոնց մեծհայրը՝ Յակոբ Թորոս Կիրակոսեանը, ծնած է 1915-ին, Թուրքիոյ մէջ: Յետագային ան յայտնուած է Լիբանանի որբանոցներէն մէկուն մէչ: 15 տարեկանին հեռանալով որբանոցէն՝ որպէս աշկերտ աշխատանքի անցած է Պէրութի Kodak խանութին մէջ:
Իւրացնելով լուսանկարչական արուեստի հմտութիւնները եւ տաղանդաւոր լուսանկարիչ դառնալով՝ ան որոշած է ճամբորդել: Անցնելով Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի տարածքով՝ հանգրուանած է Յորդանան, ուր դարձած է բանակի լուսանկարիչը:
Հաստատուելով Աքապա՝ վերջինս ամուսնացած է Արշալոյսի հետ, որուն ծնողները Ցեղասպանութեան տարիներուն գաղթած էին Ամման: Անոնք ունեցած են 2 որդի եւ 2 դուստր: Թէեւ անոնք քաղաքին մէջ բնակող միակ հայ ընտանիքն էին, յաջողած են պահպանել հայկական աւանդոյթներն ու լեզուն:
«Լեւոնն ու Ռաֆֆին ալ հոյակապ հայերէն կը խօսին: Թէեւ տարածքին մէջ որեւէ հայկական դպրոց չկայ, ընտանիքէն ներս ջանացած են, որ երեխաները հայերէն խօսին», - գրած է Քեթրին Եսայեանը:
Անոնց մեծհայրը ժամանակին դարձած է Յորդանանի նախկին թագաւոր Հուսէյն Պըն Թալալի՝ ներկայիս թագաւորի հօր անձնական լուսանկարիչը: Թէեւ անոր ժառանգները այսօր թագաւորի լուսանկարիչները չեն, այժմ ալ կը լուսանկարեն թագաւորին, երբ վերջինս այցելէ Աքապա:
Իսկ անոնց խանութը այնքան յայտնի է շրջանին մէջ, որ նոյնիսկ խանութի փողոցը մարդիկ կը ճանան որպէս «ֆոթօ Յակոբի փողոց»: