image

Ըստ Զատուլինի. «Անոնք, որ չեն ընդունիր Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւնը կրնան Արցախէն արտաքսուիլ»

Ըստ Զատուլինի. «Անոնք, որ  չեն ընդունիր Ատրպէյճանի  քաղաքացիութիւնը  կրնան Արցախէն արտաքսուիլ»

Տարածաշրջանի այն բնակիչներուն, որոնք կը հրաժարին Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ընդունիլ, արտաքսում կը սպասուի։ Այս մասին Говорит Москва (Կը խօսի Մոսկուան) ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ըսած է Պետդումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլի։ 

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, ապա, գլուխը հանած, ինչպէս կ'ըսենք, մազերուն վրայ չեն լար։  Տուեալ պարագային, անցեալ տարուան երկրորդ կէսէն սկսեալ, դէպի Արեւմուտք շրջադարձին զուգահեռ, ուղղութիւնը փոխելու նպատակով, Փաշինեան եւ իր խումբը, ի սկզբանէ, ճանչցած են 90-ականներու Ալմա-Աթայի հռչակագիրի առաջնահերթութիւնը, ըստ որու, միութենական հանրապետութիւնները ճանաչուած են իրենց սահմաններով։ Ընդ որում, առանց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ որեւէ վերապահում ընելու։ Նոյնիսկ այնպիսի, որոնք այս ամբողջ ընթացքին, երկար տասնամեակներ, եղած են Մինսքի խումբի միջնորդներու աշխատանքի պատճառը։

Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանը չի նկատեր երաշխիքներու մասին այդ յայտարարութիւնները։ Լաւագոյն պարագային, կը ձեւացնէ, թէ կը պատրաստուի հայ բնակչութեան հետ պահպանել պարկեշտութեան ինչ որ նորմեր։ Բայց տեսակէտն արդէն արտայայտուած է՝ հայերը պէտք է Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ունենան։ Եթէ չընդունին, պէտք է հեռանան այդ տարածքէն։ Ոչ ոք կ'արգիլէ որեւէ պետութիւն քարոզել իր քաղաքացիութիւնը, բայց առաջարկը՝ քաղաքացիութենէն հրաժարելու պարագային դուրս ելլել այն տարածքէն, ուր ապրած են ձեր նախնիները, ոչ այլ ինչ է, քան տեղահանութիւն։ Եւ, այս առումով, ինծի այդպէս կը թուի, թէ պատրանքներ չկան։ Եւ իրենց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու մէջ նոյնպէս։

Կը կարծեմ, որ պարոն Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը կ'ընդունուի առաջին մասով, որ Հայաստանը կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս, իսկ երկրորդով՝ կ'անտեսուի։ Այն մասին մէջ, ուր ան կը խօսի իրաւունքները յարգելու անհրաժեշտութեան եւ մնացած ամէն ինչի մասին. պարզապէս Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները, առաջին հերթին ինքնորոշման իրաւունքը, այդպիսով կը մերժուին: Չնայած, նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղը ինքնավար մարզ էր։ Այժմ Ատրպէյճանի կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան մասին խօսք չկայ։ Յամենայն դէպս, Ատրպէյանի կողմէ»,- ըսած է Զատուլին։