Ռուսիան հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ հետեւողականօրէն կը քննարկէ Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման տարբեր տարբերակներ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
«Ռուսական կողմը հետեւողականօրէն կը շարունակէ աշխատանքը ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի հետ, մենք պիտի շարունակենք այս գործը։ Բոլորովին վերջերս (Արցախ-Խմբ.) հասաւ մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը, որ կազմակերպուած էր, ի դէպ, ռուսական կողմի ջանքերու շնորհիւ։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ։ Եւ հիմա տարբեր տարբերակներ կը քննարկուին եւ կը մշակուին կողմերու հետ»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեանն առ այն, որ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանրագոյն մարդասիրական իրավիճակի լոյսին տակ պէտք է անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը: