image

Լաւրով. Ռուսիա-Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւնները «օդին մէջ» են

Լաւրով. Ռուսիա-Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւնները «օդին մէջ» են

Ռուսիոյ Դաշնութիւն-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմ պայմանաւորուածութիւններն օդէն կախուած մնացած են, ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ նկատի ունենալով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրային հաղորդակցութեան վերականգնումը:

Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ այդ կէտը կայ:

«Սկիզբը Հայաստան հրաժարեցաւ ինքնաշարժներու ճանապարհէն եւ պնդեց, որ միայն երկաթուղային ըլլայ: Յետոյ յանկարծ Հայաստանը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահները պիտի չմասնակցին, թէկուզ այդ սեւով սպիտակին գրուած է նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ», - ըսած է ան:

Լաւրով աւելցուցած է, որ ըստ յայտարարութեան՝ Ռուսիա պէտք է խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերէր հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման գործընթացին, սակայն Հայաստան չի ցանկար այդ:

«Բայց միեւնոյն ժամանակ կը ձգտի այդ գործընթացին մէջ ներգրաւել Արեւմուտքը՝ Միացեալ Նահանգներ, ԵՄ, Ֆրանսա: Այդ անոնց ընտրութիւնն է, բայց պէտք է նախ եւ առաջ պայմանաւորուիլ Ատրպէյճանի հետ: Այլ տարբերակ չկայ», - ըսած է ան: