Ռուսիոյ Դաշնութեան 95 զինծառայող վերադարձած են Քիեւի ռեժիմի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Զինծառայողները վերադարձուած են բանակցային գործընթացի շնորհիւ»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Փոխարէնը Քիեւ ստացած է նոյն թիւով ռազմագերիներ։