image
Հրատապ լուրեր:

Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքի 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքի 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

Օրերս, Իտալիոյ Ներկայացուցիչներու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի ՛«Արտոյտներու ագարակը» գիրքի 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Նոյեմբեր 19-ին, Իտալիոյ Ներկայացուցիչներու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ մը՝ նուիրուած իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի ՛«Արտոյտներու ագարակը» գիրքի 20-ամեակին, հանդիսավարութեամբ՝ լրագրող, «Երթ՝ առանց վերադարձի. Հայոց ցեղասպանութիւն» հատորի հեղինակ Ֆրանքա Ճիանսոլտաթիի:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Իտալիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, գիրքին հիման վրայ նկարահանուած ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակ՝ երգահան Ճուլիանօ Թավիանի, Անթոնիա Արսլան եւ  Մանհեթընի համալսարանi (Նիւ Եորք) Քրիստոնէական փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆ. Շոպհան Նաշ-Մարշալ: