image

Ըստ Պոլսահայ Աքթիւիսթին «Իսլամացուածներէն Շատեր Անցեալին Կը Ծաղրէին Քրիստոնեայ Հայերը»

Ըստ   Պոլսահայ Աքթիւիսթին «Իսլամացուածներէն   Շատեր    Անցեալին Կը Ծաղրէին Քրիստոնեայ  Հայերը»

«Մէկը որ ես հայ եմ կ'ըսէ, անոր հայ ըլլալը պէտք է ընդունինք»  «Արեւելք»ին   յայտնեց  Պոլսահայ  Գայուշ Չալըքման-Կաւրիլոֆը:     Ան  նաեւ  շեշտեց, որ հիմնականը ոչ թէ մարդու կրօնական կամ դաւանական պատկանելիութիւնն է, այլ անոր,      տուեալ  ազգի մը պատկանելու  զգացողութիւնը:Անդրադառնալով Տէրսիմէն Հայաստան ժամանած հայերու մկրտութեան փափաքի մերժուելու դէպքին, Տիկ. Գայուշ մեկնաբանեց, որ, «այդ մէկը կ'անկալուէր արդէն, որովհետեւ կարգ մը պահպանողական մտքի մարդիկ մտահոգութիւն մը ունին, որ այս հարցը Տրոյական ձիու պէս գործածուի, սակայն այդուհանդերձ, որ նման վախով ապրիլը սխալ է, քանի որ մտահոգութեան այլ  պատճառները չեն պակսիր եւ պէտք չկայ միայն իսլամացած հայերու Տրոյական ձի ըլլալու վախէն տառապիլ, որովհետեւ  շատ անիմաստ  է նման վախերու մէջ ապրիլը»:   Գայուշ Չալըքման- Կաւրիլոֆ      հարցին  այլ դիտանկիւնէ  նայելով  ըսաւ,-  «պէտք չէ մոռնալ, որ իսլամացած հայերու կողքին կ'ապրէին նաեւ ամէն գնով իրենց քրիստոնէութեան կառչած հայեր»: Ան  այս կապակցութեամբ մէջբերելով Տիարպէքիր- Տիգրանակերտ  ապրող հայ կնոջմէ մը  լսած իր  վկայութիւնը պատմեց, որ քրիստոնեայ հայերը քարկոծուելով դպրոց կ'երթային եւ այդ կինը անձամբ համալսարան չէր կրցած երթալ քրիստոնեայ հայ մը ըլլալուն պատճառո:   Ան  նաեւ նկատել տուաւ,  որ «այն հայերը, որոնք իսլամացուած են եւ հիմա կ'ուզեն հայ դառնալ, անոնք էին քրիստոնեայ հայերը ծաղրողները:  Չմոռնանք , որ այսպիսի մօտեցում մը  գոյ  է իրենց  արմատներուն կառչած   հայերուն մօտ, որ պէտք է նկատի առնել, թէ իսլամացածները նեղ օրերուն ապահովելով իրենց հանգիստը  արհամարհեցին նոյնիսկ իրենց հարազատները, սակայն այսօր երբ արդէն թապու չէ քրիստոնեայ ըլլալը կ'ուզեն քրիստոնեայ դառնալ»:  Մեր  խօսակիցը նաեւ  նշեց ,  այս հարցին պէտք է զգոյշօրէն մօտենալ,  աւելցնելով, որ  «այս մէկը գիտնալն ու նկատի առնելը չի նշանակեր, որ պէտք է արգելք հանդիսանալ բոլոր այն մարդոց,  որոնք կ'ուզեն իրենց բուն ինքնութեանը դառնալ»:  Ան  հիմնաւորելով  իսլամացած  (կամ իսլամացուած- Խմբ.՝ «Արեւելք»)հայերուն  Հայաստանի մէջ մկրտուելու փափաքը  ըսաւ, որ  անոնց    Հայաստանի մէջ մկրտուելու  փափաքը կապ ունի  Պոլսոյ Պատրիարքական տեղապահին  (Տ. Արամ Արք. Աթէշեան .Խմբ.՝ «Արեւելք»)    մօտեցումներուն  հետ, որ  իր ըսելով  ամէն տեսակ արգելք կը դնէ  այդ հայերուն դէպի քրիստոնէութիւն  վերադառնալու փորձերուն  առջեւ: