image

Ըստ Պայրամովի. Սահմանազատման յանձնաժողովի նիստը՝ շուտով

Ըստ Պայրամովի. Սահմանազատման  յանձնաժողովի նիստը՝ շուտով

Կ'ակնկալուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովներու հերթական հանդիպումը պիտի կայանայ առաջիկայ օրերուն։ Այս մասին, ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։

Պայրամովի խօսքով՝ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու յետհակամարտեան կարգաւորման հետ կապուած կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը պետական սահմանի որոշման հարցն է»։

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումը 30 նոյեմբերին էր Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն յայտնած էին, որ սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յունուարի վերջը։ Հանդիպման օրը, սակայն դեռ յստակ չէր։