image

Ընդդիմութեան թեկնածու Յարութիւն Յարութիւնեան՝ ԱԺ եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ

Ընդդիմութեան թեկնածու Յարութիւն Յարութիւնեան՝  ԱԺ  եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուած է Յարութիւն Յարութիւնեանը։ Անոր թեկնածութիւնն առաջադրած էր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը։

Հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Լիլիթ Մինասեանը ներկայացուցած է քուէարկութեան արդիւնքները։

«ԱԺ 105  պատգամաւորներից քուէարկութեանը մասնակցել է 104-ը։ Յարութիւն Յարութիւնեանի օգտին կողմ է քուէարկել 56 , դէմ՝ 48  պատգամաւոր»,-ըսած է ան։

Նշենք, որ Յարութիւն Յարութիւնեանէն առաջ ԱԺ եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած էր Արեգա Յովսէփեանի թեկնածութիւնը, որ, սակայն, քուէրարկութեան արդիւնքներով չէր ընտրուած այդ պաշտօնին։