Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։ Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին։ Էրտողան մեկնած է Ղրղզստանի մայրաքաղաք Պիշքեք՝ մասնակցելու Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու 26-րդ գագաթնաժողովին։
Կողմերը քննարկած են Թուրքիա-Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները։
Էրտողան նշած է, որ յատկապէս ուժանիւթի, ենթակառոյցներու եւ փոխադրութեան ոլորտներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրականացուցած համագործակցութեան քայլերուն նշանակութիւնը տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած պայմաններուն մէջ աւելի լաւ կ՚ընկալուի։ Անոր խօսքով՝ «երկու պետութիւն, մէկ ազգ» սկզբունքին վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու խորացումն ու զարգացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ պիտի նպաստեն երկու երկիրներու շահերուն։
Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։ Անոր խօսքով՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը «կենսական ուժ» պիտի հաղորդէ տարածաշրջանին։
Հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Անթալիոյ մէջ կայանալիք COP31 գագաթնաժողովին։