image

Ընդդիմութիւնը վաղը առաւօտեան ժամերէն բողոքի ցոյցեր պիտի կատարէ

Ընդդիմութիւնը վաղը առաւօտեան ժամերէն բողոքի ցոյցեր պիտի կատարէ

Վաղուընէ անհնազանդութեան բողոքի ցոյցերը պիտի սկսին առաւօտեան 8։00-էն։ Այս մասին այսօր Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հանրահաւաքին յայտարարեց ԱԺ «Ազգային կոմիտէի» անդամ Իշխան Սաղաթէլեանը:

«Մեր միակ ռեսուրսը դուք էք՝ հայ մարդը։ Մենք ո՛չ ոստիկանութիւն ունենք, ո՛չ զինուած բանդաներ ունենք, ո՛չ էլ օտարերկրեայ գործակալներ ենք՝ ֆինանսաւորւում ենք ինչ-որ մարդկանց կողմից։ Այս փոփոխութիւնը մենք պէտք է անենք մենք մեզանով՝ մեր թիմն աւելացնելով։ Մենք պէտք է դուրս գանք փողոց, անհնազանդութեան մակարդակը հասցնենք մի աստիճանի, երբ իշխանութիւնը ծնկի գայ։ Վերջնական փոփոխութեան հասնելու համար մենք միմեանց անհրաժեշտ ենք ոչ միայն այս հանրահաւաքում, այլ նաեւ առաւօտ ժամը 8-ին՝ բուն գործողութիւններ սկսելու համար։ Վաղը առաւօտեան 8։00-ից մինչեւ 11։00 մայրաքաղաքում համատարած անհնազանդութեան բողոքի ակցիաներ»,- յայտարարած է Իշխան Սաղաթէլեանը:

Սաղաթէլեանը յայտարարած է, որ Երեւանի մէջ անհնազանդութեան ցոյցեր պիտի իրականացուին  6 վարչական շրջաններու մէջ, առաւօտեան 8-էն: