image

Հայաստանի մէջ զինուոր մահացած է

Հայաստանի մէջ զինուոր մահացած է

Օգոստոս 13-ին յայտնաբերուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Գրիգոր Էդգարի Զաքարեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով, յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վշտակցած  եւ զօրակցութիւն յայտնած է զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։