image

Ընդդիմադիր զինեալներ ծանր կորուստներ ունին Հալէպի մէջ. LBCI

Ընդդիմադիր զինեալներ  ծանր կորուստներ ունին Հալէպի  մէջ. LBCI

Անցնող  օրերուն տեղի ունեցած ծանր մարտերէ  ետք  ընդդիմադիր զինեալներ   յաջողած են  փոքր անցք մը  բանալ Հալէպի արեւելեան  շրջանին  մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է LBCI կայանը, յղում ընելով, «Հըզպալլա»ի    «պատերազմի  տեղեկատուական աղբիւր»ին: Աղբիւրը նաեւ  յայտնած է, թէ  հակառակ  բացուած փոքր անցքին,   շրջանի քաղաքացիները     ճանապարհի  վտանգաւորութեան հետեւանքով կը մերժեն   տեղաշարժուիլ:  Կը նշուի  նաեւ, որ  պաշարուած   այդ շրջանններուն  մէջ  կ'ապրին 52 հազար  բնակիչներ, որոնց մեծ  մասը ըստ ընդդիմադիր էջերու, տօնախմբութիւններ կատարած են         պաշարման օղակին   քակուելուն առթիւ:  «Հըզպալլա»-ի  մօտիկ աղբիւրներ նաեւ կը  փոխանցեն, որ   ահաբեկիչ խմբաւորումներու անդամ   շուրջ  500  զինեալներ սպաննուած են անցնող   ժամերուն տեղի  ունեցած մարտերուն  ատեն: Տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  «Քուլիյէթ ասքարիյէ»   զինուորական հիմնարկի շրջանը   ծանր  հարուածներ կրած  է եւ մինչեւ այս պահը  ահաբեկիչ  տասնեակ զինեալներու դիակներ   կը մնան   հիմնարկի  փլատակուած շէնքերուն տակ: 

 

 Լուսանկարը ՝ AFP-ի: