image

«Սրան պէտք է վերջ դնել, կամ էլ բոլորը պէտք է սկսեն թուրքերէն սովորել»․ Քոչարեանի ուղերձը

«Սրան պէտք է վերջ դնել, կամ էլ բոլորը պէտք է սկսեն թուրքերէն սովորել»․ Քոչարեանի ուղերձը

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան բանտէն արձագանգած է իր նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդման՝ իշխանութիւնները մեղադրելով քաղաքական նպատակներով դատաիրաւական համակարգը օգտագործելու եւ հասարակութիւնը պառակտելու մէջ։ Այդ ուղերձը օգոստոս 31-ին հրապարակած է անոր գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միկոյեան։

Քոչարեան կը պնդէ, որ իր դէմ սկսած հերթական քրէական հետապնդումը «անհեթեթ» է եւ, իր բնորոշմամբ, անոր համար դժուար է գնահատական տալ կանոնակարգային բառապաշարի սահմաններուն մէջ։

«Ամբողջութեամբ վերցրած, ընդհանրացուած խօսքերով՝ որպէսզի ներկայացուի այսքան ոչնչով չհիմնաւորուած մեղադրանք, անհրաժեշտ է կամ լիակատար բարոյական դեգրադացիա, կամ իրաւական դեբիլիզմ, կամ Ադրբեջանի դատաիրաւական համակարգին լիակատար ենթարկում»,– ըսած է Քոչարեան։

Անոր խօսքով՝ իշխանութեան մօտեցումն այն է, որ Արցախի բոլոր նախագահները պէտք է բանտը ըլլան։

Քոչարեան նաեւ յայտարարած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ «բնածին վախերի եւ բարդոյթների հերթական մանիակալ սրացումն է», իսկ դատաիրաւական համակարգը, իր գնահատմամբ, «սպասարկում է նրա ֆոպիաները»։

«Մենք կարող ենք կորցնել երկիրը, եւ, կարծես թէ, ժողովուրդը կորցրել է կոլեկտիւ ինքնապահպանման բնազդը»,– նշած է երկրորդ նախագահը։

Քոչարեան իշխանութիւնը մեղադրած է նաեւ երկիրը «ծայրայեղ վտանգաւոր արկածախնդրութեան» մէջ ներքաշելու եւ զայն մեծ տէրութիւններու աշխարհաքաղաքական շահերու բախման կեդրոնին մէջ դնելու համար։

Ան կը պնդէ, որ իշխանութեան նպատակը հասարակութիւնը պառակտելն է եւ ստեղծել «վախի, ատելութեան, անկարողութեան եւ դատապարտուածութեան մթնոլորտ»։

«Սրանք անհրաժեշտ պայմաններ են Բաքուի բոլոր պահանջները կատարելու համար»,– յայտարարած է Քոչարեան։

Անոր խօսքով՝ Փաշինեան ոչ միայն «յանձնում է հայկական հողերը», այլեւ «կոտրում ազգի կոլեկտիւ կամքն ու հոգեւոր արժէքները, որոնք ցանկացած պետականութեան հիմքն են կազմում»։

 

«Սրան պէտք է վերջ դնել, կամ էլ բոլորը պէտք է սկսեն թուրքերէն սովորել»»,– եզրափակած է Ռոպերթ Քոչարեան։