image

Յատուկ պէտքեր ունեցող մանուկներու յանձնախումբը՝ Առաջնորդ Սրբազանին մօտ

 Յատուկ պէտքեր ունեցող մանուկներու յանձնախումբը՝ Առաջնորդ Սրբազանին մօտ

Լոս Անճելըսի յատուկ  պէտքեր  ունեցող՝ Օթիզմի մնայուն յանձնախումբը օրերս այցելած է Ամերիկայի   Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ  Տ. Թորգոմ եպս.  Տօնոյեանին։

Այս  մասին կը կարդանք Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

10 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեցինք Օթիզմի Հայ Օժանդակ մարմինի պատասխանատուները, որոնք եկած էին զեկուցելու իրենց գործունէութեանց եւ փորձառութեանց մասին: 

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրեալներուն եւ տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներու ծնողներուն, որոնք բծախնդիր եւ ամբողջական հոգածութիւն կը ցուցաբերեն տիւ ու գիշեր, ուշադրութեան աւելի կարօտ, օթիզմ ունեցող իրենց զաւակներուն:

Այս մանուկները աստուածային օրհնութեան գոյն մը ունին իրենց կեանքին մէջ. գոյն, զոր տեսնելու հրաւիրուած ենք բոլորս: