Լոս Անճելըսի յատուկ պէտքեր ունեցող՝ Օթիզմի մնայուն յանձնախումբը օրերս այցելած է Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին։
Այս մասին կը կարդանք Առաջնորդարանի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
10 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեցինք Օթիզմի Հայ Օժանդակ մարմինի պատասխանատուները, որոնք եկած էին զեկուցելու իրենց գործունէութեանց եւ փորձառութեանց մասին:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրեալներուն եւ տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներու ծնողներուն, որոնք բծախնդիր եւ ամբողջական հոգածութիւն կը ցուցաբերեն տիւ ու գիշեր, ուշադրութեան աւելի կարօտ, օթիզմ ունեցող իրենց զաւակներուն:
Այս մանուկները աստուածային օրհնութեան գոյն մը ունին իրենց կեանքին մէջ. գոյն, զոր տեսնելու հրաւիրուած ենք բոլորս: