image

2026-ի ընտրութիւնները, Սփիւռքի հիասթափութիւնը եւ Հայաստանի վաղուան մեծ հարցումը

2026-ի ընտրութիւնները, Սփիւռքի հիասթափութիւնը եւ Հայաստանի վաղուան մեծ հարցումը

2026-ի ընտրութիւնները Սփիւռքի մէջ չընդունուեցան սովորական քաղաքական իրադարձութեան մը պէս։ Անոնք ընդունուեցան ծանր սրտով, յոգնած սպասումով եւ շատերու մօտ՝ խոր հիասթափութեամբ։ Սփիւռքի մեծ հատուած մը կը սպասէր, որ այս ընտրութիւնները կրնային դառնալ նոր սկիզբի մը դուռը։ Շատեր կը յուսային, որ Հայաստանի մէջ վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ բանալ նոր էջ մը՝ պետականութեան, անվտանգութեան, ազգային միասնականութեան եւ ներքին համերաշխութեան առումով։

Բայց ընտրութիւններէն ետք այդ սպասումը չդարձաւ իրականութիւն։ Ընդհակառակը՝ Սփիւռքի կարեւոր մէկ հատուածին մէջ աւելի խորացաւ այն զգացումը, թէ Հայաստան կանգնած է բարդ խաչմերուկի մը առջեւ, իսկ այդ խաչմերուկին վրայ դեռ յստակ չէ, թէ ո՛ր ճամբան պիտի ընտրենք իբրեւ ժողովուրդ, իբրեւ պետութիւն, իբրեւ ազգ։

Այդ հիասթափութիւնը կարելի չէ անտեսել։ Կարելի չէ զայն ծաղրել, կարելի չէ ըսել, թէ «դուրսը ապրողները չեն հասկնար»։ Ան իրական է։ Ան ունի իր պատճառները։ Սփիւռքը վերջին տարիներուն շատ բան տեսաւ։ Տեսաւ պատերազմ, պարտութիւն, Արցախի կորուստ, պետական ցնցումներ, ներքին բաժանումներ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կտրուկ շրջադարձեր եւ ազգային օրակարգերու նահանջի ծանր զգացում մը։ Այս բոլորը մէկտեղուելով՝ Սփիւռքի հոգիին մէջ ստեղծեցին լուռ, բայց խոր ցաւ մը։

Ընտրութիւնները այդ հոգեվիճակը չփոխեցին։ Չկրցան փոխել։ Ընդհակառակը՝ շատերու համար աւելի սուր դարձուցին այն հիմնական հարցումը, որ վերջին տարիներուն ամէն հայու միտքին մէջ կ՚ապրի՝ Հայաստան ո՞ւր կ՚երթայ։

Սակայն այստեղ կայ շատ կարեւոր եւ վտանգաւոր սահմանագիծ մը։ Հիասթափութիւնը մէկ բան է, իսկ հիասթափութիւնը քաղաքական պատուէրի վերածելը՝ բոլորովին ուրիշ բան։ Սփիւռքը ունի իրաւունք մտահոգուելու։ Սփիւռքը ունի իրաւունք քննադատելու։ Սփիւռքը ունի իրաւունք հարցնելու, պահանջելու, վրդովելու, երբ կը տեսնէ, որ հայրենիքի ճակատագիրին շուրջ բաներ կը կատարուին, որոնք իր ազգային զգացողութեան եւ իր պատմական յիշողութեան մէջ վէրքեր կը բանան։

Բայց նոյն Սփիւռքը պէտք է ունենայ նաեւ այն ազնուութիւնը եւ քաղաքական հասունութիւնը՝ ընդունելու, որ Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացին է, որ ամէն օր իր մորթին վրայ կը կրէ իր ընտրութեան հետեւանքները։ Ան է, որ կը դիմագրաւէ սահմանային վտանգը։ Ան է, որ կը դիմագրաւէ տնտեսական ծանրութիւնը։ Ան է, որ կը զգայ անվտանգային անորոշութեան շունչը իր տան, իր զաւակին, իր օրուան հացին, իր վաղուան ապահովութեան վրայ։ Ան է, որ պետական որոշումներու անմիջական հետեւանքին տակ կ՚ապրի։

Հետեւաբար հարցը երբեք պէտք չէ դնել այս ձեւով՝ «Սփիւռքը խօսելու իրաւունք ունի՞, թէ ոչ»։ Անշուշտ ունի։ Ոչ ոք կրնայ Սփիւռքը լռեցնել Հայաստանի մասին խօսելու իրաւունքէն։ Ոչ ոք կրնայ հայրենիքէն դուրս ապրող հայուն ըսել, թէ հայրենիքի մասին մտածելու, ցաւելու կամ կարծիք յայտնելու իրաւունք չունի։

Բայց իրական հարցումը ուրիշ տեղ է։ Հարցը այն է, թէ Սփիւռքը ինչպէ՞ս պէտք է խօսի։ Դատաւորի պէս, որ հեռուէն վճիռ կ՚արձակէ, թէ՞ պատասխանատու գործընկերոջ պէս, որ կը մտածէ, կը վիճի, կը քննադատէ, բայց նաեւ կը մասնակցի, կը կառուցէ եւ իր բաժին պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ։

Ահա հոս է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ամենէն նուրբ հանգոյցներէն մէկը։ Սփիւռքը պէտք չէ վերածուի միայն զգացական ճնշում բանեցնող ուժի մը։ Բայց նոյնքան վտանգաւոր է, եթէ Հայաստանը Սփիւռքը տեսնէ միայն իբրեւ դրամական օժանդակութեան աղբիւր («Կթան կով»)յուշատօներու ներկայութիւն կամ նեղ օրերու օգնութեան ձեռք։ Այս յարաբերութիւնը այլեւս պէտք է դուրս գայ հին պատկերացումներէն։ Ան պէտք է դառնայ քաղաքական, կազմակերպական եւ ազգային հասուն գործընկերութիւն։

Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել նաեւ Սփիւռքի ընտրական իրաւունքներու հարցը։ Մտահոգիչ է, եթէ արտերկրի մէջ ապրող Հայաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներուն շուրջ կը խօսուի սահմանափակումներու լեզուով։ Հայրենիքէն դուրս ապրիլը չի նշանակեր հայրենիքէն հրաժարիլ։ Հայաստանէն հեռու գտնուիլը չի նշանակեր Հայաստանի ճակատագիրին հանդէպ օտար դառնալ։

Բայց նոյնքան մտահոգիչ է, երբ Սփիւռքի մէջ ապրող մարդը կը փորձէ Հայաստանի մէջ ապրող մարդուն փոխարէն որոշել՝ առանց այդ որոշումին ամբողջ ծանրութիւնը իր առօրեային մէջ կրելու։ Քուէն միայն քաղաքական կարծիք չէ։ Քուէն նաեւ պատասխանատուութիւն է։ Իսկ պատասխանատուութիւնը ամբողջական կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ մարդ կը զգայ իր ընտրութեան գինը։

Այստեղ զգացական կարգախօսները բաւարար չեն։ Պէտք է հաւասարակշռութիւն՝ իրաւունքի եւ պատասխանատուութեան միջեւ։ Ո՛չ Սփիւռքը պէտք է դուրս դրուի Հայաստանի ապագայի հարցերէն, ո՛չ ալ Սփիւռքը պէտք է Հայաստանը վերածէ հեռուէն ղեկավարուող քաղաքական դաշտի։ Երկու ծայրայեղութիւններն ալ վտանգաւոր են։ Մէկը կը կտրէ ազգային կապը, միւսը կը խաթարէ Հայաստանի ներքին քաղաքական պատասխանատուութեան բնական ընթացքը։

Սփիւռքի մասին խօսելով՝ չենք կրնար շրջանցել Ռուսաստանի հայութեան հարցը։ Այս մէկը առանձին եւ ցաւոտ թեմա է։ Տարիներ շարունակ Ռուսաստանի մէջ ապրող հայութիւնը թիւով հսկայական համայնք եղաւ։ Հսկայական՝ մարդկային ներուժով, տնտեսական կարողականութեամբ, կապերով, ազդեցութեան կարելիութիւններով։ Բայց ազգային կազմակերպուածութեան իմաստով այդ համայնքը մնաց տկար, ցրուած եւ շատ յաճախ պատահական ազդեցութիւններու ենթակայ։

Սփիւռքեան դասական կառոյցները Ռուսաստանի մէջ չկրցան ստեղծել այն դաշտը, որ տասնամեակներով ստեղծուած էր Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի, Իրանի կամ այլ համայնքներու մէջ։ Չկրցան ստեղծել դպրոցական այն միջավայրը, մամուլի այն ներկայութիւնը, գաղափարական այն դաստիարակութիւնը, մշակութային այն կառոյցը եւ համայնքային այն պատասխանատուութիւնը, որոնք Սփիւռքը կը դարձնեն ոչ միայն բնակչութիւն, այլ՝ կազմակերպուած ազգային կեանք։

Ինչո՞ւ այդպէս եղաւ։ Որովհետեւ Ռուսաստանի հայութիւնը մեծ մասամբ ձեւաւորուեցաւ ոչ թէ դասական սփիւռքեան կառոյցներու շուրջ, այլ տնտեսական, աշխատանքային եւ անհատական յաջողութեան տրամաբանութեամբ։ Մարդիկ  Ռուսաստան գացին աշխատելու, ապրելու, յաջողելու, ընտանիք պահելու, հարստութիւն ստեղծելու։ Այդ բոլորը բնական էին եւ հասկնալի։ Բայց այդ ընթացքին շատ քիչ եղաւ ազգային կազմակերպուած կեանքը։Սակաւ հայ դպրոցներու թիւը։ Սակաւաթիւ եղան  հայկական պարբերականները։ Քիչ եղաւ գաղափարական դաստիարակութիւնը։ Քիչ եղաւ համայնքային պատասխանատուութեան մշակոյթը։

Արդիւնքը   եղաւ այն , որ հսկայական թիւ ունեցող համայնք մը, քաղաքական ծանր պահերուն, չդարձաւ կազմակերպուած ազգային գործօն։ Ան կրնար դառնալ, բայց չդարձաւ։ Ան կրնար ունենալ իր հաւաքական ձայնը, բայց այդ ձայնը յաճախ փոխարինուեցաւ անհատական աղմուկով։ Ան կրնար ունենալ ռազմավարական դեր, բայց այդ դերը շատ անգամ փոխարինուեցաւ պահու յայտարարութիւններով, խումբերու շարժումներով կամ առանձին ազդեցիկ անձերու քաղաքական հաշուարկներով։

Այս բացը այսօր աւելի ցաւալի կը դառնայ։ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոթորիկին մէջ Ռուսաստանի հայութիւնը կրնար ունենալ լուրջ դեր։ Ան կրնար ըլլալ կամուրջ, ազդակ, պաշտպանական դաշտ, մտաւոր եւ կազմակերպական ուժ։ Բայց երբ համայնքը կազմակերպուած չէ, երբ չունի ներքին կարգապահութիւն, ազգային տեսլական եւ պատասխանատու ղեկավարութիւն, ան շատ դիւրութեամբ կը դառնայ ուրիշներու օրակարգերուն գործիք։

Եւ ասիկա միայն Ռուսաստանի հայութեան խնդիրը չէ։ Ասիկա ամբողջ Սփիւռքին համար դաս է։ Թիւը ինքնին ուժ չէ։ Դրամը ինքնին ուժ չէ։ Անունը ինքնին ուժ չէ։ Ուժը կը ծնի կազմակերպուածութենէն, գաղափարէն, յստակ ռազմավարութենէն եւ ազգային պատասխանատուութեան մշակոյթէն։ Առանց ասոնց՝ նոյնիսկ հսկայական համայնքը կրնայ մնալ քաղաքականապէս անզօր։

Այս բոլորին կողքին կայ նաեւ ուրիշ շատ վտանգաւոր երեւոյթ մը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած ծանրագոյն պիտակաւորումները։ Վերջին տարիներուն յաճախ կը լսենք, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները երկիրը «թրքացնելու» միտում ունին։ Այսպիսի ձեւակերպումներ շատ զգայուն են։ Անոնք կը դիպչին հայ մարդու ամենէն խոր պատմական վէրքերուն։ Անոնք կրնան պահ մը բորբոքել զգացումները, կրնան զայրոյթ առաջացնել, կրնան հանրային աղմուկ ստեղծել, բայց հարց է՝ անոնք կը ծառայե՞ն քաղաքական միտքին, թէ՞ կը վնասեն անոր։

Այո՛, իշխանութիւնները պէտք է քննադատուին։ Պէտք է խիստ  կերպով քննադատուին, եթէ կան սխալներ անվտանգութեան, արտաքին քաղաքականութեան, կրթութեան, մշակոյթի, դիւանագիտութեան, ազգային արժէքներու կամ պետականութեան ընկալման մէջ։ Պէտք է քննադատուին, եթէ կը նահանջեն ազգային օրակարգերը։ Պէտք է քննադատուին, եթէ կը պակսի պետական արժանապատուութեան զգացումը։ Պէտք է քննադատուին, եթէ ժողովուրդին հետ կը խօսին պարզունակ յաղթականութեան կամ վարչական ինքնավստահութեան լեզուով։

Բայց քննադատութիւնը պէտք է ըլլայ փաստարկուած։ Պէտք է ըլլայ քաղաքականապէս ճշգրիտ։ Պէտք է ըլլայ կառուցողական, որքան ալ խիստ ըլլայ։ Երբ ամէն բան կը կոչենք «թրքացում», այդ բառը կը կորսնցնէ իր ուժը։ Ան կը դառնայ ոչ թէ ազգային ահազանգ, այլ ներքաղաքական քարոզչութեան զէնք։ Իսկ երբ պատմական վէրքը կը վերածուի ներքին պայքարի բառապաշարի, այնտեղ վտանգ կայ՝ թէ՛ բառին, թէ՛ քաղաքականութեան, թէ՛ հասարակութեան համար։

Աւելին՝ նման բառապաշարը հասարակութիւնը կը բաժնէ երկու վտանգաւոր խումբի՝ «ազգայիններ» եւ «դաւաճաններ»։ Այս բաժանումով պետութիւն չի կառուցուիր։ Այս բաժանումով կարելի է բարկութիւն ստեղծել, բայց ոչ վստահութիւն։ Կարելի է ամբոխը յուզել, բայց ոչ քաղաքական այլընտրանք ձեւաւորել։ Կարելի է օրուան համար ազդեցիկ տպաւորութիւն ձգել, բայց վաղուան համար պետութիւն չկերտել։

Հայաստանի հասարակութիւնը այլեւս շատ յոգնած է պիտակներէն։ Ան շատ բան լսած է։ Շատ անգամներ իրեն ըսուած է, թէ այս կամ այն ուժը փրկիչ է, իսկ միւսը՝ դաւաճան։ Բայց ժողովուրդը իր կեանքով կը չափէ քաղաքականութիւնը։ Իր տան, իր սահմանին, իր աշխատանքին, իր զաւակի ապագային, իր ապահովութեան եւ իր արժանապատուութեան միջոցով կը դատէ ամէն ինչ։ Եւ ան կը սպասէ ոչ միայն պոռթկումի, այլ՝ վստահելի խօսքի։

 

2026-ի Ընտրութիւններէն ետք. Ո՞ր ճամբով պիտի քալէ հայութիւնը

Ահա թէ ինչու 2026-ի ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի քաղաքական դաշտին առջեւ դրուած հարցը միայն իշխանութեան մնալու կամ ընդդիմութեան  «մանտաթ»ներ  ստանալու հարց չէ։ Իրական խնդիրը աւելի խորունկ  է։ Խնդիրը այն է, թէ հայ քաղաքական միտքը պիտի կարենա՞յ դուրս գալ հին բառապաշարէն, հին բաժանումներէն, հին վիրաւորանքներէն եւ հին ինքնախաբէութիւններէն։

Այսօր Հայաստանին պէտք է ոչ թէ միայն կառավարող իշխանութիւն, այլ նաեւ պատասխանատու ընդդիմութիւն։ Պէտք է ընդդիմութիւն մը, որ միայն բողոք չէ, այլ ծրագիր է։ Միայն մեղադրանք չէ, այլ այլընտրանք է։ Միայն յիշողութիւն չէ, այլ ապագայի պատկեր է։ Որովհետեւ հասարակութիւնը, որքան ալ դժգոհ ըլլայ, իր քուէն չի տար միայն բարկութեան։ Ժողովուրդը վստահութիւն կը փնտռէ։ Իսկ վստահութիւնը կը ծնանի ոչ թէ բարձր ձայնէն, այլ հաւասարակշռուած միտքէն, լուրջ ծրագրէն եւ պետական մտածողութենէն։

Նոյնքան կարեւոր է, որ Սփիւռքը եւս այս ընտրութիւններէն ետք վերադասաւորէ իր մտածողութիւնը։ Սփիւռքը չի կրնար ապրիլ միայն վիրաւորուած դիտորդի հոգեվիճակով։ Չի կրնար միայն ցաւիլ, հիասթափիլ, դատել եւ հեռուէն պահանջել։ Ան պէտք է վերածուի կազմակերպուած, մտածող, ներգործող եւ պատասխանատու ուժի։ Սփիւռքի սէրը Հայաստանի հանդէպ պէտք է դուրս գայ միայն զգացական դաշտէն եւ դառնայ գործ, ծրագիր, կրթութիւն, մասնագիտական աջակցութիւն, քաղաքական հասունութիւն եւ ազգային կազմակերպուածութիւն։

Հայաստանն ալ իր կարգին պէտք է Սփիւռքը չդիտէ միայն իբրեւ նեղ օրերու օժանդակ ձեռք, դրամական աղբիւր կամ յիշատակներու պահապան։ Սփիւռքը ազգային ներուժ է, բայց այդ ներուժը պէտք է օգտագործել արժանապատիւ, խելացի եւ հեռանկարային ձեւով։ Հայաստան-Սփիւռք կապը այլեւս չի կրնար մնալ հին կարգախօսներու եւ հանդիսաւոր խօսքերու մակարդակին վրայ։ Ան պէտք է դառնայ նոր ժամանակներու համապատասխանող քաղաքական եւ ազգային գործընկերութիւն։

2026-ի ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ հայութիւնը տակաւին կը գտնուի ծանր անցումային փուլի մը մէջ։ Պարտութիւններու յիշողութիւնը դեռ չէ բուժուած։ Արցախի կորուստը դեռ ազգային հոգիին մէջ բաց վէրք է։ Սփիւռքի հիասթափութիւնը իրական է։ Հայաստանի հասարակութեան յոգնածութիւնը նոյնպէս իրական է։ Իսկ քաղաքական դաշտին մէջ վստահութեան պակասը՝ ամենէն մեծ վտանգներէն մէկը։

Բայց այս բոլորը պատճառ չեն յուսահատութեան մէջ խրուելու։ Ընդհակառակը՝ ասոնք պէտք է դառնան սթափութեան ազդակ։ Հայութիւնը այլեւս ժամանակ չունի անպտուղ վէճերու, պիտակաւորումներու, անձնական հաշիւներու եւ ներքին քանդումներու համար։ Մենք չենք կրնար անվերջ ապրիլ այն հարցումով, թէ ո՞վ աւելի հայրենասէր է եւ ո՞վ աւելի մեղաւոր։ Ժամանակն է հարցնելու աւելի ծանր, բայց աւելի պիտանի հարցում մը՝ ո՞վ ինչ կրնայ ընել Հայաստանի ապագային համար։

Այսօր անհրաժեշտ է նոր որակ՝ իշխանութեան մէջ, ընդդիմութեան մէջ, Սփիւռքի մէջ եւ ընդհանուր ազգային մտածողութեան մէջ։ Նոր որակ, որ պիտի չվախնայ ճշմարտութիւնը ըսելու, բայց պիտի չապրի միայն վէրքեր բանալով։ Նոր որակ, որ պիտի քննադատէ, բայց պիտի չքանդէ։ Նոր որակ, որ պիտի պաշտպանէ ազգային արժէքները, բայց զանոնք պիտի չվերածէ ներքաղաքական զէնքի։ Նոր որակ, որ պիտի հասկնայ, թէ պետականութիւնը զգացումով կը սիրուի, բայց միտքով եւ կարգապահութեամբ կը պահուի։

Ի վերջոյ, 2026-ի ընտրութիւններուն ամենէն մեծ պատգամը սա է. Հայաստանը չի կրնար յառաջ երթալ միայն յաղթողներու ինքնավստահութեամբ, պարտուածներու բարկութեամբ կամ Սփիւռքի հիասթափութեամբ։ Հայաստանը կրնայ յառաջ երթալ միայն այն ատեն, երբ բոլոր կողմերը հասկնան, որ ազգային ապագան սեփականացնելու իրաւունք ոչ ոք ունի։ Ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ընդդիմութիւնը, ո՛չ Սփիւռքը։

Հայաստանի վաղուան մեծ հարցումը հետեւեալն է. պիտի շարունակե՞նք նոյն փակ շրջանը՝ նոյն լեզուով, նոյն պիտակներով, նոյն բաժանումներով, թէ վերջապէս պիտի փորձենք հասունանալ իբրեւ քաղաքական ազգ։

Այս հարցումին պատասխանը պիտի որոշէ ոչ միայն յաջորդ ընտրութիւններուն արդիւնքը, այլ նաեւ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան յաջորդ տասնամեակի ճակատագիրը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...