image

Յակոբ Չոլաքեանէն նոր հատոր՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկար)

 Յակոբ Չոլաքեանէն նոր հատոր՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկար)

Օրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է բնիկ քեսապցի մտաւորական եւ բանասէր ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի նոր հատորը՝ «Փլող դպրոցները» խորագրով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Չոլաքեանի կողմէ կատարուած գրառումէն։

Լիարժէք առողջութեամբ լեցուն ու նոր ստեղծագործութիւններ հանրութեան դատին ներկայացնելու անսպառ եռանդ կը մաղթենք մեր բարեկամին։

 Ստորեւ՝ գրառումը

 

Լոյս տեսաւ պատմուածքներու եւ ակնարկներու շարքս

 «Փլող դպրոցներ» Երեւան 2024, 180 էջ

Գիրքը կը պատմէ հնամենի հայ գիւղի մը յետ մեծ հայրենադարձութեան վերականգնումի ճիգերը, սահմանամերձ գիւղի տագնապները, ներազգային խռովքներն ու արտագաղթի ուրուականը։

Բացատրագիր 

Հին ու անցնող աշխարհի զառիթափին վրայ փլուզուող գիւղ մըն էր Գարատուրանը, որ քանի կար՝ աշխարհն էր իր մէջ, ինքն իր մէջ բզկտուած հայութիւն կոչուող համաշխարհային խաժամուժը կ’աղմկէր իր մէջ, ու երազներէն կառչած կը մնար Հայաստան կոչուող հեքիաթ մը, որուն պորտէն հազարամեակներ առաջ կտրուած ինկած էր այս կիրճին մէջ, Միջերկրականի արեւելեան ափին։

Ատիկա 1950-ական թուականներուն էր։

Այստեղ ամեն ինչ իրականութեան եւ հեքիաթի սահմանին վրայ կը թուի ըլլալ, իսկ մենք միայն ժամանակով ու տարազով տարբեր ենք։

Ստանալու համար դիմել

-ՆՈՐ ԳԻՐՔ գրախանութ, Բաղրամեան 3, Գրողներու միութեան տան քով:

- BOOKS and COOKS, Սարեան փողոց 19