image
Հրատապ լուրեր:

Ռուբէն Ռուբինեանն ու ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանը քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումները

Ռուբէն Ռուբինեանն ու ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանը քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումները

Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան ապրիլ 3-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Ազգային Ժողովէն։

Հանդիպման քննարկուած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Կողմերն ընդգծած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ: