image

Վրաստանի մէջ ծանր արկած. Զոհերուն մէջ կան հայ կին մը եւ իր զաւակը (Լուսանկար)

Վրաստանի մէջ  ծանր արկած. Զոհերուն մէջ կան հայ  կին մը եւ իր զաւակը (Լուսանկար)

Այսօր Վրաստանի Նատախտարի շրջանին մէջ տեղի ունեցած է վթար։ Ըստ Shamshyan.com-ի իրարու զարնուած են Mercedes մակնիշի Օ961 XA 777 համարանիշի եւ Setra մակնիշի 24 OR 444 համարանիշի մեքենաները: Վթարի հետեւանքով Mercedes-ի վարորդը, անոր ուղեւորները մահացած են, իսկ հանրակառքի ուղեւորներէն եւս 11 հոգի բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով դիմած է բժիշկներու օգնութեան: Հանրակառքը հաշուառուած է Երեւան քաղաքի 16-րդ թաղամասի բնակիչ Գոռ Թադեւոսեանի անուամբ եւ ուղեւորներ կը փոխադրէր Ռուսիա:

Ըստ Tert.am-ի՝ վթարի հետեւանքով մահացած է ազգութեամբ հայ Ռուսաստանի 2 քաղաքացի, որոնցմէ մէկը՝ անչափահաս, վիրաւորուած է ՀՀ 3 քաղաքացի: Անոնց ինքնութիւնը պարզուած չէ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Եուրի Վարդանեանի օգնական Անի Հայրապետեանը: 

Ան յայտնած է, որ մեքենաներու բախման հետեւանքով զոհուած է Mersedec-Benz-ի ուղեւոր,1974 թուականին ծնած Ռուսաստանի քաղաքացի Լուսինէ Մինասեանը եւ 2010 թուականին ծնած Մաքսիմ Մինասեանը:

«Առողջական վնասուածքներ ստացած են վարորդ Ռոման Հայրապետյանը, ուղեւորներ՝ 2005 թուականին ծնած Անուշիկ Մալխասեանը եւ 1993-ին ծնած Ալինա Մինասեանը: Վերջիններս տեղափոխուած են Մցխեթայի բժշկական կեդրոն»,-ըսած է Անի Հայրապետյեան: