image

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ գումարուեցաւ Reclaim-2025 Երիտասարդական համաժողովը (Լուսանկար)

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ գումարուեցաւ Reclaim-2025 Երիտասարդական համաժողովը (Լուսանկար)

Մայր Աթոռ Էջմիածմնի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի դիւանէն կը կարդանք՝ 

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի,  Շաբաթ 22 Մարտին Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Reclaim-ի 9-րդ տարեկան համագումարը, մասնակցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի  սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ երիտասարդներուն, զանոնք  համայնքային ծառայական կեանքին ներգրաւելու նպատակով: Երիտասարդական եզակի այս հանդիպումը կը կրէր «Reclaim 2025 – Reality in a world defined by Artificial Intelligence» վերնագիրը: Epostle.net համացանցի ճամբով զանազան երկիրներէ երիտասարդներ եւս իրենց մասնակցութւնը բերին համաժողովին։ Երիտասարդական հանդիպումը այժմէական թեմաներու շուրջ քննարկումներու եզակի առիթ մը համդիսացաւ, որու նիւթերու կեդրոնական առանցքը կազմեց ժամանակակից մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ առաւել եւս ամրագրել Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ օգտուիլ գիտութեան, համացանցին եւ արդի աշխարհին ընձեռած հաղորդակցութեան դիւրութիւններէն,  ընդլայնելու մեր առաքելութեան շրջագիծը եւ հասանելի դառնալու բոլորին: 

Համաժողովին մասնակից երիտասարդներուն իր սրտի խօսքը ուղղելով Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ՝  արագ զարգացող աշխարհին մէջ Առաջնորդարանը կը  ձգտի քայլ պահել նորարարութիւններուն հետ՝  Արեւմտեան Թեմի ապագային համար, որդեգրելով ստեղծագործ մտածողութիւն: Սրբազանը յայտնեց, որ բոլորիս  համար հրամայական է ընդունիլ եւ համակերպիլ փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Այս առումով, Սրբազանը ներկաներուն փոխանցեց, որ Արեւմտեան Թեմը  իր բոլոր կառոյցներով լաւագոյնս կ՛օգտուի գիտութեան եւ նորարարութիւններու հնարաւորութիւններէն, առաւել եւս ընդարձակելու Եկեղեցւոյ հոգեւոր, հովուական, մշակութային եւ կրթական առաքելութիւնը, երիտասարդները ներգրաւելով իր ծառայական առաքելութեան մէջ, նպատակ հետապնդելով տէր կանգնիլ եւ տարածել մեր հոգեմտաւոր արժէքները: Սրբազանը իր խօսքը եզրակացուց շեշտելով, որ «Վաղուան Եկեղեցին ներկան իսկ է», եւ հրաւիրեց երիտասարդները ամբողջական նուիրումով իրենց գիտութիւնն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելու քրիստոնէական, համամարդկային ու հայկական արժէքներու ամուր պահպանման անյետաձգելի գործին: 

Երիտասարդական համագումարին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Առաջնորդարանի epostle.net համացանցային հաղորդակցութեան տնօրէն Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Մովսէսեանը, որ ներկաները հրաւիրեց մտածելու թէ՝ ինչպէ՞ս Եկեղեցին օգտուելով արհեստական բանականութենէն (AI) առաւելագոյս պիտի ծաւալէ իր առաքելութիւնը համայնքներէն ներս: 

Այնուհետեւ, բոլոր դասախօսներն ու ներակայացուած թեմաները առիթ եղան մասնակից երիտասարդներուն համար խորհրդածելու եւ բարձրաձայն քննարկելու բոլոր այն հարցերը, որոնք կը տագնապեցնեն ներկայ աշխարհի մարդկութիւնը, որոնց լոյսին տակ եւ շուրջ անոնք ներկայացուցին հետեւեալ նիւթերը: 

1.-Ինչպէ՞ս տիրապետել արհեստական բանականութեան (AI), առանց մարդկային սեփական իմացութիւնը թերագնահատելու, դասախօսութիւնը ներկայացուեցաւ Ճորճ Ստեփանեանցի կողմէ: 

2.-  Ի՞նչ ձեւերով արհեստական բանականութիւնը (AI) կը ծաղկեցնէ մեր հաւատքը, ճշմարտութիւնն ու  ինքնութիւնը: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Տէր Մեսրոպ Քահանայ Աշ: 

3.-Աստուածավայել կեանք, ստեղծարար ոգի, արհեստական բանականութիւնը (AI) եւ հոգեւոր ճանապարհորդութիւն: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Կրէկըրի Պէյլէրեան: 

4.- Արհեստական բանականութեան (AI) բարիքները՝ լաւապէս ըմբռնելու մարդու ներիմացական ճշմարտութիւնները: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Կարապետ Մկրտչեան:

5.-  Համաձայն հայ փիլիսոփայական մտածողութեան, բանականութիւնը՝ Ճանապարհ դէպի գիտութիւն եւ հոգեւոր կատարելութիւն, Դասախօսութիւնը ներկայացուց Դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեան: 

Համաժողովի մասնակցութեան տոմսերէն գոյացած գումարը նուիրաբերուեցաւ Արեւմտեան Թեմին Լոս Անճելըսի հրդեհներու աղէտներու օգնութեան, որու մասին հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց Թեմի սարկաւագաց խորհուրդէն Տիգրան Սրկ. Յարութիւնեանը։ Reclaim 2025-ի երիտասարդական համաժողովի հանդիսավարն էր Սուսաննա Պօղոսեանը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Լուսինէ Թաքմազեանը յանձնախուբին անունով իր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին համաժողովի յաջողութեան, յատկապէս Հայդի Քավուքչեանի գլխաւորութեամբ Circle of Faith խումբին, որ երիտասարդական համաժողովի կէսօրուայ ճաշը նուիրաբերեց:

Աւարտին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան մաղթեց, որ երիտասարդական կարեւոր այս շարժումին խանդավառութիւնն ու թափը նոյն յարատեւութեամբ շարունակուի: Սրբազանը յայտնեց, որ Արեւմտեան Թեմի Reclaim 2025-ի երիտասարդական համաժողովը կը դիտէ որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան տարածքին Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորած տարբեր ոլորտներու յառաջադէմ մասնագէտ հայ երիտասարդներու եզակի համախմբում, որ Առաջնորդարանի epostle.net  համացանցային լրատուական հարթակին ճամբով կառչած կը մնայ եւ կը կը տարածէ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումները բոլորին:  Սրբազանը բարձր գնահատեց դասախօսներուն շահեկան մասնակցութիւնը, երիտասարդութեան ներկայութիւնը, ներգրաւուծութիւնն ու խանդավառութիւնը եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին անսակարկ ծառայութիւնն ու նուիրումը: Առաջնորդ Սրբազանը իր խորին գնահատականն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսիսեանին կազմակերպական հետեւողականութեան եւ ջանքերուն համար։ 

Յատնենք, որ 2026-ին  Reclaim-ի 10-ամեակին առթիւ լոյս պիտի տեսնէ յատուկ հրատարակութիւն մը, ուր պիտի ամփոփուին Reclaim-ի անցեալի գործունէութիւնն ու ապագայ հեռանկարը: 

Արեւմտեան Թեմի Reclaim-ին նպատակն է հայ երիտասարդին մէջ վառ պահել Քրիստոսի հանդէպ սէրը, կապուածութիւնը ամրապնդել Մայրենի Եկեղեցւոյ հետ եւ ապահովել անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը համայնքային մեր կեանքին: 

 

Դիւան Առաջնորդարանի

Մարտ 28, 2025