Որքանով արդար կարելի է ըլլալ երբ յանդգնութիւնը կ'ունենանք բարձրաձայն արտայայտուելու, թէ ի սփիւռս աշխարհի առկայ է մարդկային բացայայտ ողբերգութիւն: Իսկ դառնագոյնը անոր ա՛յն է, որ ըմբոստութեան խոյանքովը տրոփող, զգայուն սրտերուն մէջ անթեղուած զգացումներն են որոնք կը մղեն մարդ արարածը պոռթկալու անարդարութեան ճակտին:
Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու տարածքին օր ըստ օրէ կը բազմանան մարդկային ողբերգութիւնները, որոնց մասին խորհրդածելու պարտականութիւնը կարծէք միայն ձգուած է Միացեալ Ազգերու ղեկավարութեան ճակատագրին: Միթէ պահը չէ այսօր համամարդկային առումով զգալ զրկուածներուն թշուառութիւնը, բռնի տեղահանուածներուն օգնութեան ձեռք երկարելը, ամէն ճիգ ի գործ դնելով կասեցնել հայրենական արտագաղթը,գիտակցութիւն սերմանել տկարներուն հոգիներուն՝ վերջ տալու համար ստրկական «խոնարհութենէն», պոռթկումի ազդանշաններ ցուցաբերել անհետ կորած ազատամարտիկներու, զինուորներու եւ առեւանգեալներու հաշւոյն եւ վերջապէս ձեռնոց մը շպրտել մարդկային անարդարութիւններուն դէմ յանուն վաղուան նորահաս սերունդի մարդկային դաստիարակութեան: Մեր շուրջ բոլոր սկսած ենք նշմարել բոցեղէն հոգիներով սաւառնելու սահմանուած մարդ էակին մօտ՝ ըմբոստութենէ եւ պայքարելու ոգիէ պարտուած լման անէացում մը, ուր անշունչ հոգիներուխորը հանգեցուցած են կեանքի կրակը:Ակամայ կը խորհրդածեմ ինքզինքիս հետ, թէ փոխան անձնատուր ըլլալու կեանքի մտրակումներուն, ինչու չըլլալ գոռ ձայնը խղճմտանքին ապստամբ՝ որ անկարեկիր հոգիները կը խռովէ,.. չըլլալ շողն արեւին՝ որ մերկ հոգիներու մսող մարմինը կը տաքցնէ, -- ահա՛ գանգատս համայն մարդկութեան, ու հարց կու տամ ինքզինքիս. ո՞ւր է հայկական մեր «Լացի պատ»ը: Միթէ՞ բաւ չէ այսքան «պատմականօրէն» անարդար քար լռութիւն պահելու քաղաքականութեան որդեգրումը ե'ւ ազգային, ե՛ւ մարդկային ու ընկերային գետնի վրայ. երբ մեր ճակատները լացի պատին դէմ կը կարմրի՝ փխրուած սրտէն շառայլող արիւնէն, երբ մարդկային ցասումը՝ համարեա ամէն մարզերու մէջ՝ պայքարող սրտերու կեանքին երակը կը դառնայ եւ ըմբոստ ձգտումը՝ պողպատ ջիղ մը՝ որ յեղափոխականպայքարի դաշտ նետուող ոգիին ծնունդ կու տայ ու կը զինէ զայն:
Մարդկայնութիւն, արդարութիւն եւ բանականութիւն փնտռողը շա՜տ տառապած կ'ըլլայ իտէալական սէրերէ եւ մարդկայնական բաղձանքներէ.- անպատասխանի մնացած ըլլալու զգացումը կը տագնապեցնէ զինք, յուզումէն նաեւ՝ կ'ուռի կոկորդին մէջ, բայց անզօր է փայլակնացայտ շանթ դառնալու մերկ կռնակին վրայ մարդկային բնութեան, մարդկային հպարտութեան՝ որ տիրական հարստութենէն կը ծնի, մարդկային անիրաւութեան՝ որ խիղճ չունի եւ իր անգութ տիրապետութեան խորքերէն թշուառներու եւ զրկուածներու զանգուածային երեսին կը փչէ իր քամահրանքին փրփուրները: Ասոր համար՝ ճակատս «լացի պատ»ին դէմ է, բայց ցասում կը մխայ, մինչ սիրտս կու լայ խոնարհներուն, բախտազուրկներուն, ճնշուածներուն, արտաքսուածներուն, արտագաղթողներուն, օր ցերեկով համայն մարդկութեան տեսապաստառին դիմաց իրենց որդեգրած կրօնքին պատճառով գլխատուողներուն, բռնի տեղահանուածներուն, պարտադիր կրօնափոխ եղածներուն համար, որոնք իմ եղբայրներս ու քոյրերս են պայքարի մարդկային ազատութեան ճամբաներուն վրայ:
.................
Աչքերս կ'ուղղեմ ծեր Ֆաուստին, որուն հանճարեղ հեղինակը, «լոյ՛ս, աւելի՛ լոյս,...» կը խնդրէ. մինչ մենք՝ «սէր մարդկութեան, աւելի՛ սէր արդարութեան հանդէպ կ'աղերսենք»: Ծեր Ֆաուստը սիրոյ կը սպասէր, կեանքի գիտութիւններէն եւ իմաստութենէն պարտասած, եւ այս վերանորոգող յուզումին իբրեւ խորհրդանշան՝ իր չորցած եւ կորաքամակ ուսերէն վար սփռեր էր ծիրանի, բոցավառ պատմուճան մը: Առջեւը կարհուժկու գանկ մը, նոյնպէս մաշած, որ նման է փորձառութիւններէ յոգնած իր հոգւոյն մէջ ծնող սիրոյ յոյսին:Հպա՜րտ է ան ու հանդարտ խառնուածքի տէր, որ դարերու ուսումն ամբարեր է, բայց խանդոտ կեանքի կարօտին, սէր կը փնտռէ եւ կը դիւթուի գեղեցիկէն, առանց գիտակցելու թէ գեղեցկութիւնը մտածում մըն է միայն, այս պատրանքով ալ կը սիրէ ան ու պիտի հաւատայ թէ տառապող եւ նուիրուող մարդկային սէրը կեանքի գերագոյն եւ յաւիտենական ճշմարտութիւնն է:
Ճակատս՝ «Լացի պատ»ին դէմ, արիւնող եւ նուիրուող սէրին փա՜ռքը կ'ոգեկոչեմ, փրկուելու համար իմացական պատրանքներու մեղքերէն: Իւրաքանչիւր անցնող օր իր հետքը կը ձգէ հարցականներով լեցուն ու մենք կը շարունակենք անուն մը տալ իւրաքանչիւր թղթածրարի, որոնց մէջ թաքնուած են գարշահոտ իրողութիւններ, լեցուն քիչ մը անարդարութիւններով, քիչ մը անմարդկութիւն, քիչ մը ապազգայնութիւն եւ դեռ շա՜տ քիչեր... որոնք միայն կը մթագնեն հորիզոնը վաղուան գալիք սերունդներուն:
Արտագաղթի մտահոգութիւն
Աշխարհի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր անհատ միթէ՞ հարցականներով լեցուն կեանք մը չապրիր. Չի դիմե՞ր իրմէ աւելի գիտուններուն իր հարցադրումներուն պատասխան մը գտնելու ակնկալիքներով: Որքա՜ն տխուր է անձամբ ականատեսը ըլլալ անոնց ապշանքին ու շփոթութեանը այն ճշմարտութիւններուն հանդէպ, զորս պատգամել կը յաւակնէին հարիւրամեակներ շարունակ: Միթէ՞ անոնք չի դիմեցին աշխարհի «յաջողածներուն», որոնք ժողովուրդին արեամբը վճարած են ընչաքաղցութեան մեղաւոր պահանջքները: Գրեցին, պատգամեցին եւ զայրոյթով ալ կը շարունակեն դատապարտումի լոզունքներ թաջել, պատասխանատուներ փնտռել ի տես հայրենական յուզող արտագաղթին: Սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով, այսօր, Սփիւռքը եօթը- ութ միլիոն է: Ցրուած աւելի քան վաթսուն երկիրներու մէջ: Իսկ Հայաստանի մէջ, լաւատես հաշիւներով, կ'ապրին 3 միլիոն 26,000 հայեր: Մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ'արձանագրուի երեւոյթ մը. հայրենի հողին վրայ ապրողները մօտաւորապէս երեք անգամ աւելի նուազ են, քան Սփիւռքի մէջ ապրողները: Եթէ մեր հայեացքները չվարանինք սեւեռելու դեռ մօտիկ անցեալին Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Դիցմայրի գիւղին մէջ,1999 թուականին Լիբանանէն, Կիպրոսէն եւ Սուրիայէն մօտ երեք տասնեակ երիտասարդներ իրենց հանգիստ տուները ձգած գացած էին Ծավ գետի ափին՝ վերաբնակեցման ծրագիր սկսելուՔաշաթաղի մէջ: Միթէ՞ տեղին չէ հարց տալ, թէ ու՞ր հասած է այսօր այդ ծրագիրը, որ յաջողած էր խանդավառել սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իրենց հայեացքները սեւեռելու դէպի Մայր հայրենիք: Տակաւին մռայլ է մեզի համար, թէ ի՞նչ դրդապատճառներէ մեկնելով իր հայրենական նպատակները իրագործելու չի ծառայեց այդ ծրագիրը: Սփիւռքի Նախարարութիւնը իր զանազան ծրագիրներովբազմահազար երախաներ յաջողեցաւ հայրենի տուն բերել, սակայն քննադատական ակնոցներով դիտողներու համար, գիտակցական տհասութիւնը կրկին գերիշխողը ըլլալով,դիմատետրի էջերէն սկսեալ մինչեւ աշխարհասփիւռ մամուլ քննադատութիւններով ողողուեցաւ եւ ըստ սովորականին, գեղեցիկն ու բարին միշտ եղան քաւութեան նոխազ:
Համշենահայութեան ինքնութեան խնդիր
Վերջին տասնամեակներուն հայկական հարցի զոհասեղանին որպէս յոյժ կարեւոր խնդիր զետեղուած է համշէնահայութեան հարցը:Արդարեւ, աւելի քան իննսուն տարիէ ի վեր լռութեան դատապարտուած է Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին «թրքացած հայեր»ու հարցը: Անոնց թիւը տարբերտարբեր գնահատաականներով 300.000-էն կը հասնի մինչեւ 3.000.000-ի: Հասարակ քաղաքացիէն մինչեւ բարձրագոյն մինչեւ բարձրագոյն մակարդակի պաշտօնեայ, գրեթէ ամէն օր, կը յայտնաբերէ կամ կը համարձակի ըսել, թէ իր մեծ մայրը Հայ է: Բայց պատմութեան ընթացքը զանոնք, ներկայիս կը զետեղէ բոլորովին այլ անակնկալ պատմական հասարակական համագրի մը մէջ, ինչ որ կը տեսնենք համշէնահայերու պարագային: Իսկ Թուրքիոյ տարածքին վրայ, մասնաւորաբար գրեթէ ամէնօրեայ յաճախականութեամբ կը լսենք, կը կարդանք վկայութիւններ, Ա. Աշխարհամարտին «Ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ազգակիցներու ներկայի շառաւիղներու մօտ, իրենց հայկական արմատներու որոնման անկանխելի, անդիմադրելի բնազդին մասին: (Յիշենք Ֆեթհիէ Չեթինի«Մեծմայրիկս» անուն գիրքը): Սակայն մերօրեայ իրականութիւնը այլ հանգրուաններու դէմ յանդիման կը դնէ զանոնք՝ բռնի կերպով հայութենէ զրկուած խիզախ ժողովուրդ մը այսօր կը տուայտի իր ինքնութեան խնդիրով, իր արմատներուն վերադառնալու մտահոգութեամբ, մինչ հայ մամուլը կ'արձագանգէ..., թէ «Հայ եկեղեցին կը մերժէ մկրտել համշէնահայերը»: Այս առումով ինչպէս կարելի է չյիշել, դեռ մօտիկ անցեալին, երբ մարմին կը ստանար Դիցմայրիի մէջ վերաբնակեցման ծրագիրը, Գերաշնորհ Մեսրոպ Արք. Աշճեան Ծավ գետի ափին, հոգեպարար արարողութեամբ մը հազարաւոր երախաներ, կիներ ու այրեր Սուրբ միւռոնով քրիստոնեայ մկրտութեան արժանացուց:
............................
Ես հաւատքով եւ սիրելով կը տառապիմ բոլոր խոնարհներուն, զրկուածներուն եւ դէպի լոյսին ձգտողներուն համար: Հոգիս ծունկի կու գայ անոնց առջեւ աղապատանքով, որովհետեւ գիտեմ այլեւս՝ թէ մի'այն այսպէս կարելի է չարիքը յաղթահարել: Միայն այսպէս պիտի խուսափի միտքս՝ մարդոց յաջողութիւն կարծած անբարոյիկ բաներու հարկատու ըլլալէ: կեանքի արժէքներուն մէջ, պարտաւոր են սիրել այս տառապող մարդկային սէրը, եւ անկէ պիտի ստանաք անխորտակելի զօրութիւն թշուառութեան չարիքին դէմ, որմէ ծնած է մարդկային ողբերգութիւնը: Եղբայր ըլլանք տառապողին, եւ զրահ հագնինք՝ կեանքի բարիքներէն զրկուածներուն շղթաները փշրելու համար:
Ներկան հանգիստ խղճով ապրելու համար հարկ է մոռնալ խափուսիկը եւ փնտռել ճշմարտութիւնը իր ամբողջական առումով: Համամարդկային, ազգային, ընկերային, ինչու չէ նաեւ արհեստագիտական համարեա բոլոր մարզերուն մէջ հաւատք ընծայել ճշմարտութեան, որովհետեւ ան անկեղծութիւնն է ապրելու ներդաշնակ միութեամբը մտածումին, զգացականութեան, խօսքի ազատութեան եւ գործնական կեանքին:
Ինչու՞ կը սիրեմ եւ ինչու՞ կը տառապիմ, բաղձանքներու համար որոնց բախտակից ենք բոլորս առանց բացառութեան, խոնարհութեան եւ զրկանքի մէջ: Ի՜նչ հզօր դիւթանք է մարդկային համակրանքը, որ սրտերու մէջ անծանօթ՝ զգայուն կարեկցութեան եւ եղբայրակցութեան ճամբայ մը կը բանայ, որպէս զի զգանք կոտտումը վէրքին՝ որ կը նմանի սրտին վրայ բացուած վէրքին:
Ես ալ կը գիտակցիմ, թէ չարիքն ու տառապանքը մեզ յոռետեսներ կը դարձնեն. Բայց ինչու՞ մեր սրտերուն մէջ զարթնող համակրութեան եւ եղբայրակցութեան իղձերն անզօր են կամքը զինելու ա՛յնպէս՝ որ յաղթենք յուսահատութեան եւ յոռետեսութեան, յաղթենք վախին՝ որով ապրելու պատասխանատուութիւնը կը կաշկանդէ մեր հոգիները, եւ անկարող կ'ըլլանք պայքարի աշտանակել մեր համոզումներուն ծփուն դրօշակները պարզած:
Արդեօ՞ք պէտք է որ գերմարդկային ըլլանք, կարենալ ապրելու համար փառաւոր բնազդներովը անոնց՝ որոնք պայքարի կեանքը փառաւոր արկածախնդրութիւն մը կը նկատեն, խուսափելու համար իրենց վիճակէն գոհ մարդոց տափակ ու ձանձրացուցիչ կեանքին միօրինակութենէն: Որքա՜ն կենսունակ է պայքարի այս զգացումը եւ որքա՜ն տկար է կամքը մարդուն հերոսային ապրումներուն համար:
Պայծիկ Գալայճեան