image
Հրատապ լուրեր:

Գինեձօն՝ Պայծիկ Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» հատորին

Գինեձօն՝ Պայծիկ Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» հատորին

Հայկական Պետական Մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ  տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ հրապարակագիր Պայծիկ Արապեան-Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» նորընծայ հատորին գինեձօնը: Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան նուիրուած սոյն հատորի գինեձօնը պիտի կայանայ 9 դեկտեմբեր, 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 15:00-ին, Հայկական Պետական Մանկավարժական համալսարանի Բանասիրական ֆակուլտետի  «Սփիւռք» կեդրոնի սրահէն ներս: