Այսօր Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Twitter-ի էջին ռազմական հետախուզութեան ամէնօրեայ թեման Բախմութի մէջ տիրող իրավիճակն է, կը տեղեկացնէ BBC-ն:
Ըստ գրառման՝ Ռուսիան աշխուժացուցած է յարձակումը Տոնեցքի մարզի Բախմութ քաղաքի վրայ, քանի որ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ «Վակներ»ի ուժերը բարելաւած են իրենց փոխգործակցութիւնը։ Ուքրանական բանակը դեռ պաշտպանական դիրքերու վրայ է քաղաքի արեւմտեան շրջաններուն մէջ, սակայն վերջին 48 ժամուան ընթացքին ենթարկուած է բուռն հրետակոծութիւններու:
«Վակներ»ի ուժերը կը շարունակեն յառաջխաղացումը Պախմութի կեդրոնական հատուածին մէջ, իսկ ռուսական օդային զօրքերը անոնց կը պաշտպանեն հիւսիսէն եւ հարաւէն:
Բրիտանական ռազմական հետախուզութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Ուքրանիոյ ուժերը մատակարարման զգալի դժուարութիւններ ունին եւ ստիպուած են զիջիլ իրենց դիրքերը։