image

Ուքրանիոյ մէջ հայ զոհուած է (Լուսանկարներ)

Ուքրանիոյ մէջ հայ զոհուած է (Լուսանկարներ)

Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է Կարէն Խաչատրեանը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ուքրանիոյ Քիրովոկրատի մարզի հայերու միութիւնը, զոհուած է Մարիանովեան շրջանի պաշտպանը, Քիրովոկրատի հայ սփիւռքի անդամը՝ Օնիկիեւօ գիւղի մարտիկ Կարէն Խաչատրեանը։

«Ուքրանիոյ Քիրովոկրատի մարզի հայերու միութեան անունով ցաւակցութիւն կը յայտնենք պաշտպանի ընտանիքին եւ մտերիմներուն, որ իր կեանքը տուաւ յանուն Ուքրանիոյ, յանուն մեր ազատութեան եւ անկախութեան։ Յաւերժ յիշատակ եւ յաւերժ փառք հերոսին։ Կը յիշենք իւրաքանչիւրը, որ զոհուած է Ուքրանիոյ համար մղուած մարտին, յանուն անոր ազատութեան եւ անկախութեան»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կարէն Խաչատրեան 35 տարեկան էր, ունէր երկու երեխայ։

Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 40 հայ՝ որոնց շարքին խաղաղ բնակիչներ եւ զինուորականներ։