Ուքրանիոյ մէջ աւելի քան 4,5 միլիոն մարդ մնացած է առանց ելեկտրականութեան։ Անոնց մեծ մասը Քիեւի մարզէն ու մայրաքաղաքէն են, ուր ելեկտրամատակարարման հետ կապուած իրավիճակը շատ աւելի ծանր է։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Այսօրուան դրութեամբ Քիեւի եւ վեց շրջանի մէջ կը շարունակուին ելեկտրական ուժանիւթի կայունացման ուղղուած անջատումները: Կայ աւելի քան 4,5 միլիոն սպառող՝ հիմնական Քիեւի մարզէն եւ մայրաքաղաքէն, որոնք չունին ելեկտրականութիւն: Իսկապէս դժուար է», -ըսած է Զելենսքին իր թելեկրամեան ալիքին վրայ հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ:
Անոր խօսքով՝ իշխանութիւնները կը պատրաստուին ուժանիւթի ոլորտին մէջ հնարաւոր բոլոր սենարներուն։
«Շաբթուան ընթացքին ես ուժանիւթի ոլորտին մէջ իրավիճակի հնարաւոր տարբերակներու վերաբերեալ մի քանի յատուկ հանդիպում ունեցած են պաշտօնեաներու, ուժանիւթային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մարզային վարչակազմերու ներկայացուցիչներու հետ: Մենք մանրամասն կը քննարկենք բոլոր սենարներն ու կը պատրաստենք համապատասխան գործողութիւնները»,- աւելցուցած է Զելենսքին։