image

Ուքրանիոյ հարցի լուծումը միայն քաղաքական ճանապարհով. Չինաստանի առաջնորդ

Ուքրանիոյ հարցի լուծումը միայն քաղաքական  ճանապարհով. Չինաստանի առաջնորդ

Չինաստանի առաջնորդ Սի Ծինփինը համոզուած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն քաղաքական ճանապարհով։ Ապրիլ 7-ին չինական Կուանչժոու քաղաքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ճաշի ժամանակ, որ եռօրեայ պետական այցով կը գտնուէր Չինաստան, Սին յայտարարած է, որ ուքրանական հակամարտութեան բոլոր կողմերը պէտք է հանդիպին ճանապարհի կէսին, որ համաձայնեցնեն այդպիսի որոշման համար պայմանները։ 

Աւելի վաղ, Չինաստանն ու Ֆրանսան Մաքրոնի այցի աւարտին ընդունուած համատեղ հռչակագրին մէջ յայտարարած էին Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան խաղաղութեան հասնելու քայլերուն աջակցութիւնը։ «Երկու կողմերը կ'աջակցին Ուքրանիոյ մէջ միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներու ու սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղութեան վերահաստատման օգտին բոլոր ջանքերը»,- ըսուած էր փաստաթուղթին մէջ, որ ապրիլ 7-ին հրապարակուած էր Էլիզեան պալատի պաշտօնական կայքէջին վրայ։  

Երկու երկիրներու առաջնորդներու համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Չինաստանն ու Ֆրանսան «հանդէս կու գան աթոմային ելեկտրակայաններու եւ խաղաղ միջուկային այլ կառոյցներու վրայ զինուած յարձակումներու դէմ ու կ'աջակցին Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ)` խաղաղ միջուկային կառոյցներու, այդ շարքին՝ Զապորոժյէի աթոմակայանի յուսալիութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ անոր կառուցողական ջանքերուն»։

Սի Ծինփինը եւ Էմանուել Մաքրոնը ընդգծած են նաեւ հակամարտութեան բոլոր կողմերու կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բծախնդիր պահպանման կարեւորութիւնը։ «Կողմերը կոչ կ'ընեն պաշտպանելու հակամարտութեան զոհ հանդիսացող կիներն ու երեխաները եւ մեծցնել հակամարտութեան գօտիներուն մէջ մարդասիրական օգնութիւնը, ապահովել մարդասիրական օգնութեան անվտանգ, արագ եւ անխոչընդոտ հասանելիութիւնը կարիքաւորներուն ՝ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան»,-ըսուած է Փեքինի ու Փարիզի համատեղ յայտարարութեան մէջ։