Քիեւի ռեժիմը կը շարունակէ ապագայի ինչ-որ «անվտանգութեան երաշխիքներ» յօրինել իր համար։ Այս մասին Telegram-ի իր ալիքի միջոցաւ յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ։
«Մէկ այս թեմայով հանդիպում կ'ունեանան առանձին ոչ կարեւոր հարեւաններու հետ՝ մոռցուած թոշակառուներու նախագահութեամբ, մէկ դարձեալ կը յիշեն ՆԱԹՕ-ի մասին։ Բոլորի համար ալ պարզ է, որ ոչ մէկ հարեւան կրնայ իրենց երաշխիք տալ, նոյնիսկ եթէ մոլագարօրէն կ'ատէ Ռուսիան: Իսկ Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ի մէջ հիմա ոչ ոք կ'ընդունի։ Դաշինքին մէջ թէեւ կան ռուսաֆոպներ, բայց անոնք ինքնասպաններ չեն։ Եւ սա յատուկ ռազմական գործողութեան անմիջական արդիւնք է։ Անվտանգութեան երաշխիքներ կրնար տալ միայն Ռուսիոյ հետ պայմանագիրը։ Սակայն ուքրանական կառավարութիւնը, արեւմտեան փողերով ու հրթիռներով խթանուած, հրաժարեցաւ անկէ։ Այնպէս որ, երաշխիքներու մասով շատ վատ է։ Եւ վերջինը։ Քիեւի ռեժիմը կը հասկնայ, որ իր (Ուքրանիոյ ներկայիս ղեկավարներու) համար անվտանգութեան երաշխիքներ ընդհանրապէս չկան եւ չեն կրնար ըլլալ։
Զէլէնսքիին պայծառ ապագայի երաշխիքներ նոյնիսկ ԱՄՆ-ն չառաջարկեր։ Անիմաստ է: Այժմ Ուքրանիոյ վրայ փող կ'աշխատի Joseph Robinette Biden & Sons ընկերութիւնը։ Այդ մէկը շուտով կ'աւարտի, քանի որ ամերիկացիներն անուղղելի էկոիստներ են եւ կ'աշխատին միայն իրենց համար»,- նշած է ան։
Նշենք, որ աւելի վաղ Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմակ յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու մասին առաջին փաստաթուղթը կրնայ յայտնուիլ արդէն 29-30 օգոստոսին։