Հիւրերն ընդունուեցան Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդական Տեղապահ Հ.Վարդան Ծ.Թ. Վարդապետ Գազանճեանին կողմէ։
3 Նոյեմբեր 2026-ին, կրթական աշխարհի երկու ներկայացուցիչներ՝ Էյուբօղլու կրթական հաստատութիւններու վարչութեան նախագահ եւ ընդհանուր տնօրէն Ճենկ Էյուբօղլու եւ Էսաեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան։
Հիւրերն ընդունուեցան Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Հ.Վարդան Ծ.Թ. Վարդապետ Գազանճեանին կողմէ։
Սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ եղած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ կրթական աշխարհի ներկայացուցիչներուն եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի միջեւ շփման եւ մտքերու փոխանակման։