image

Եւրոպական նոր դաշինք Ռուսիոյ ծովային ուժին դէմ

Եւրոպական նոր դաշինք Ռուսիոյ ծովային ուժին դէմ

 

Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ եւրոպական երկիրները կը պատրաստուին ստեղծելու ռազմածովային դաշինք՝ ռուսական սուզանաւերուն հակազդելու նպատակով։ 

Մեծ Բրիտանիոյ Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Ռիչըրտ Նայթընի համաձայն՝ երկիրները պիտի ամրապնդեն իրենց համատեղ պաշտպանութիւնը Հիւսիսային Աթլանթեան ովկիանոսին, Արքթիքայի եւ Պալթեան ծովուն մէջ։ Նպատակն է պատերազմի պարագային կանխել ռուսական սուզանաւերու կողմէ նաւագնացութեան սպառնացող վտանգը։

Ռազմական գործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ համաձայնագիրը նախատեսուած է ստորագրել երեքշաբթի օր, բրիտանական «HMS Prince of Wales» օդանաւակիր նաւուն վրայ։