image

ՀՀ-ն ԱՊՀ-էն դուրս գալու հարց չէ բարձրացուցած. Լեպետեւ

ՀՀ-ն ԱՊՀ-էն դուրս գալու հարց չէ բարձրացուցած. Լեպետեւ

Հայաստան, հակառակ ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութեան փաստացի սառեցման, ԱՊՀ-էն դուրս գալու հարց չէ բարձրացուցած։ Այս մասին յայտնած է ԱՊՀ ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ։

«Ո՛չ։ Անձամբ վարչապետը ինծի ըսած է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան բազմաթիւ այլ ներկայացուցիչներ, որ իրենք կը շարունակեն մնալ ԱՊՀ-ի կազմին մէջ։ Մենք որեւէ յայտարարութիւն չենք լսած այն մասին, թէ Հայաստան կը պատրաստուի դուրս գալ կազմակերպութենէն», ըսած է Լեպետեւ՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Երեւան յայտնած է ԱՊՀ-էն դուրս գալու իր մտադրութեան մասին։