Մոսկուայի մէջ սկսած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու խորհուրդի համատեղ նիստը։
Նիստէն առաջ մասնակիցները խմբանկար ունենալու համար հաւաքուած են, սակայն անոնց շարքին չեն եղած Հայաստանի ներկայացուցիչները։ Հայաստանի դրօշը միւսներուն կողքին մնացած է առանց ներկայացուցիչի։
Նշենք, որ վաղը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ-ի գագաթնաժողովը։ Անցեալ շաբաթ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը յայտնած էր, որ Ռուսիա առաջարկած է որոշման նախագիծ մը՝ ՀԱՊԿ-ի մէջ քուէարկելու եւ քոթային պաշտօններու թեկնածութիւններ առաջադրելու Հայաստանի իրաւունքը կասեցնելու վերաբերեալ։
Այս յայտարարութեան արձագանգելով՝ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, թէ ՀԱՊԿ-ի առնչութեամբ Երեւանի «հետաքրքրութիւնները սպառած են»։ Աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեան ըսած էր, որ շատ գոհ պիտի ըլլայ, եթէ ՀԱՊԿ-ը որոշէ Հայաստանը հեռացնել կազմակերպութենէն։