Իրանի փոխնախագահը Երեւանի Կապոյտ մզկիթին մէջ մեծարած է իրանահայ անուանի երգահան եւ նուագավար Լորիս Ճգնաւորեանը։
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն կը յայտնեն, որ արարողութեան ընթացքին արժեւորուած են երաժշտութեան ասպարէզին մէջ անոր երկարամեայ ներդրումը, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը։