Քայլարշաւը Church World Service-ի նախաձեռնութիւնն է, որուն նպատակն է հանգանակութիւն ընել անօթութեան ու աղքատութեան վերջ տալու Ամերիկայի եւ աշխարհի մէջ։
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) ծխականները, մասնակցեցան տարեկան «Անօթութիւնը կտրել» (Crop Hunger) քայլարշաւին, որ կը հովանաւորուի Նորթպրիճի Եկեղեցիներու Ընկերակցութեան կողմէ։
Այս քայլարշաւը Church World Service-ի նախաձեռնութիւնն է, որուն նպատակն է հանգանակութիւն ընել անօթութեան ու աղքատութեան վերջ տալու Ամերիկայի եւ աշխարհի մէջ։ Հարիւրաւոր կրօնական խմբաւորումներ, գործարարներ, դպրոցներ եւ այլք տեղական քայլարշաւներ կը կազմակերպեն ամէն տարի։