Հասարակութիւնը պէտք է ոտքի կանգնի՝ Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան համար։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է «ՀայաՔուէ» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Աւետիք Չալապեան։
Անդրադառնալով նոր Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագիրին յղումը հանելու իշխանութիւններու մտադրութեան՝ Չալապեան ընդգծած է. «Խնդիրը միայն իրաւական չէ, քանի որ ցանկացած պետութիւն ունի ծննդեան վկայական»։
Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի անկախութեան ձեռքբերման եւ պետականութեան սպառնացող վտանգներուն. «Մեր անկախութիւնը նուաճուել է մարտի դաշտում՝ քրտինքով ու արեամբ։ Եթէ հրաժարուենք դրանից, չի բացառւում, որ մի քանի տարում կորցնենք պետականութիւնը եւ վերածուենք Ադրբեջանի ու Թուրքիայի կցորդի, որոնք հենց հիմա էլ անուղղակիօրէն շատ բան են թելադրում։ Բառացիօրէն երէկ նրանք հաւաքուել էին Շուշիում՝ Հայաստանին հերթական ապտակը հասցնելու համար. եթէ սա չկանխենք, վաղ թէ ուշ նրանք կը կլանեն Հայաստանը։ Փաշինեանի իշխանութեան օրօք երկրի ինքնիշխանութիւնը վտանգուած է. Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանին ներքաշել է անվերջանալի զիջումների շղթայի մէջ»։
Չալաբեանի գնահատմամբ՝ Անկախութեան հռչակագիրէն հրաժարիլը կը նշանակէ հրաժարիլ բուն անկախութենէն՝ ճանապարհ բանալով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նոր պահանջներուն առջեւ։ Անոր համաձայն՝ եթէ յաջողուի դիմակայել այդ ճնշումներուն, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պիտի հասկնան, որ հայ ժողովուրդն ու պետութիւնը վերականգնած են իրենց դիմադրողականութիւնը եւ ի վիճակի են հակահարուած տալու, հետեւաբար ստիպուած պիտի ըլլան հաշուի նստելու Հայաստանի հետ։
«Այն ամէնը, ինչ նրանք ստացել են, եղել է առանց որեւէ կրակոցի, քանի որ Փաշինեանն ու իր թիմը, առաջին հերթին սեփական թուլութիւնից ելնելով, պատրաստ են զիջումների»,– եզրափակած է Չալապեանը։