image

Հայաստան հասնող ռուսերու թիւը նոր մրցանիշ գրանցած է

Հայաստան հասնող ռուսերու թիւը նոր մրցանիշ գրանցած է

2026 թուականի երրորդ եռամսեակին Սերպիա, Վրաստան եւ Հայաստան մեկնած Ռուսիոյ քաղաքացիներու թիւը հասած է վերջին 17 տարիներու առաւելագոյն ցուցանիշին։ Այս երկիրները պատերազմի դէմ արտայայտուող ռուսաստանցիներու արտագաղթի տարածուած ուղղութիւններէն են։ Այս մասին կը հաղորդէ «Վեորսթքա»ն՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան վիճակագրութիւնը։

2026 թուականի երրորդ եռամսեակին Հայաստան մեկնած է 402,3 հազար ռուսաստանցի։

Համեմատութեան համար նշենք, որ նախորդ արձանագրուած առաւելագոյն ցուցանիշը գրանցուած էր 2025 թուականի երրորդ եռամսեակին, երբ Հայաստան ժամանած էր Ռուսիոյ 344,7 հազար քաղաքացի՝ 57,6 հազարով պակաս, քան 2026 թուականի նոյն ժամանակահատուածին։

Ինչպէս Սերպիոյ եւ Վրաստանի պարագային, 2010 թուականէն ի վեր որեւէ երրորդ եռամսեակի ընթացքին Հայաստան մեկնած ռուսաստանցիներուն թիւը այնքան մեծ չէ եղած, որքան 2026 թուականին։