image

Գուրգէն Արսենեան պարգեւատրուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան «Փոխգործակցութեան համար» կրծքանշանով

Գուրգէն Արսենեան պարգեւատրուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան «Փոխգործակցութեան համար» կրծքանշանով

Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գուրգէն Արսէնեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինի հետ։

Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Հանդիպման ընթացքում կողմերը մտքեր են փոխանակել երկկողմ յարաբերութիւնների արդիական հարցերի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային օրակարգի շուրջ։ Ռուս-հայկական յարաբերութիւնների զարգացման եւ ամրապնդման գործում ունեցած անձնական ներդրման համար Գուրգէն Արսէնեանը պարգեւատրուել է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերի նախարարութեան «Փոխգործակցութեան համար» կրծքանշանով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։