image

Լեւոն Տէր–Պետրոսեանը բարեյաջող վիրահատութենէն ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն

Լեւոն Տէր–Պետրոսեանը բարեյաջող վիրահատութենէն ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանը բարեյաջող վիրահատութենէն ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն, դիմատետրի իր էջին կատարած գրառման միջոցով այս մասին տեղեկացուցած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մամուլի խօսնակ Արման Մուսինեանը։

«Այսօր անկախ Հայաստանի հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, բարեյաջող վիրահատութիւնից յետոյ, դուրս է գրուել Բեսթ լայֆ հիւանդանոցից»,– գրած է ան։

Աւելի վաղ՝ հոկտեմբեր 26-ին, խօսնակը յայտնած էր, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն այցելած է «Բեսթ լայֆ» բժշկական կեդրոն՝ հետազօտութեան։