image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիայէն ետք Ռուսաստանի թիրախը... Կարսն ու Արտահանն են. Թուրք կուսակցապետ

Ուքրանիայէն ետք  Ռուսաստանի թիրախը... Կարսն ու Արտահանն են. Թուրք կուսակցապետ

Թուրքիոյ իշխող դաշինքի գործընկեր, ազգայնական «Մեծ միասնութիւն» (BBP) կուսակցութեան առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթիջին թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է պայքարելու Ռուսաստանի դէմ:

BBP–ի առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթիջին, անդրադառնալով ռուս–ուքրանական հակամարտութեան, յայտարարած է, թէ Թուրքիան ամենաշատ պէտք է աջակցի Ուքրանիոյ: «Եթէ այսօր ՌԴ–ին չկանգնեցնեն եւ ան Ուքրանիոյ մէջ յաջողութեան հասնի, ապա  ՌԴ–ի յաջորդ թիրախը թրքական պետութիւններն են, Կարսն ու Արտահանը: Եթէ հետագային ՌԴ–ին մեր սահմաններուն արդէն տեսնէք, չզարմանաք», ըսած  է թուրք կուսակցապետը: