Թուրքիոյ իշխող դաշինքի գործընկեր, ազգայնական «Մեծ միասնութիւն» (BBP) կուսակցութեան առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթիջին թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է պայքարելու Ռուսաստանի դէմ:
BBP–ի առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթիջին, անդրադառնալով ռուս–ուքրանական հակամարտութեան, յայտարարած է, թէ Թուրքիան ամենաշատ պէտք է աջակցի Ուքրանիոյ: «Եթէ այսօր ՌԴ–ին չկանգնեցնեն եւ ան Ուքրանիոյ մէջ յաջողութեան հասնի, ապա ՌԴ–ի յաջորդ թիրախը թրքական պետութիւններն են, Կարսն ու Արտահանը: Եթէ հետագային ՌԴ–ին մեր սահմաններուն արդէն տեսնէք, չզարմանաք», ըսած է թուրք կուսակցապետը: