image

Ուքրանիան «Յաղթանակի նոր ծրագիր» մշակած է

Ուքրանիան «Յաղթանակի նոր ծրագիր» մշակած է

Քիեւ սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներուն պիտի ներկայացնէ սեփական յաղթանակի հասնելու ծրագիր։

Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է  Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

«Քուրսքի շրջանը ներառուած է մեր ծրագրին մէջ՝ Ուքրանիոյ յաղթանակի ծրագրին մէջ։ Ասիկա կրնայ ոմանց համար չափազանց յաւակնոտ թուիլ, բայց մեզի համար այդ կարեւոր ծրագիր է»,- ըսած է ան։

Ծրագրի երկրորդ ուղղութիւնը «Ուքրանիոյ ռազմավարական տեղն է աշխարհի անվտանգութեան ենթակառուցուածքին մէջ», երրորդը ՝ «Ռուսիոյ դիւանագիտական ճանապարհով պատերազմն աւարտելու պարտադրանքի հզօր փաթեթը», չորրորդը ՝ «տնտեսական», - աւելցուցած է Զելենսքի։

Ան նշած է, որ կը պատրաստուի պատերազմի աւարտի մասին ծրագիրը ներկայացնել ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, այնպէս ալ նախագահի թեկնածուներ Քամալա Հարիսին եւ Տանըլտ  Թրամբին։

Ան նաեւ ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը պիտի աւարտի բանակցութիւններու միջոցաւ։

«Ամէն ինչ կ'աւարտի երկխօսութեամբ, բայց մենք պէտք է ամուր դիրքեր ունենանք երկխօսութեան համար»,- պնդած է Զելենսքի։