 
                    Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Ռուսիոյ տնտեսութեան առանցքային հատուածներուն դէմ նոր պատժամիջոցներու նախագիծ պատրաստած է եւ զանոնք կեանքի պիտի կոչէ, եթէ Մոսկուան չհամաձայնի դադրեցնել պատերազմը: Այդ մասին գրած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները:
Նշուած է, որ որոշ սահմանափակումներ ուղղուած են Ռուսիոյ դրամատուներու հատուածին եւ ենթակառուցուածքներուն դէմ, որոնք կ'օգտագործուին նաւթի մատակարարման համար:
Reuters նշած է, որ անցեալ շաբաթ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները խնդրած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ նոր պատժամիջոցներ կիրառել Մոսկուայի դէմ, որոնց կարգին է՝ ռուսական բոլոր դրամատուները անջատել տոլարային համակարգէն։