Ուաշինկթընի եւ անոր կամակատարներու՝ Մոսկուան մեկուսացնելու ջանքերը լիովին կը ձախողին, համաշխարհային մեծամասնութիւնը չուզեր «շագանակներ հանել կրակէն» նախկին գաղութատիրական մայրաքաղաքներու համար։
Այս մասին, ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Բազմաբեւեռութեան համաշխարհային առցանց համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած ողջոյնի տեսաուղերձին մէջ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը։
«Օրինաչափ կը թուի, որ Ուաշինկթընի եւ անոր դրածոներու՝ պատմութեան ընթացքը ետ դարձնելուն եւ միջազգային հանրութեան յօրինուած «կանոններու վրայ հիմնուած կարգի» համաձայն ապրիլ ստիպելուն ուղղուած ջանքերը կը ձախողին։ Կը նշեմ միայն Ռուսիան մեկուսացնելու արեւմտեաններու տարած գիծի լիակատար ձախողումը։ «Համաշխարհային մեծամասնութեան» պետութիւնները, որոնց մէջ է աշխարհի բնակչութեան մօտ 85%-ը կ'ապրի, չեն ուզեր շագանակներ հանել նախկին գաղութատիրական ոստաններուն համար»,- ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը։