Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնած է, որ Ուաշինկթըն սկսած է զինել Քիեւը ռազմական գործողութեան մեկնարկէն շատ աւելի առաջ։
«Մենք փորձեցինք Ուքրանիոյ մատակարարել մեծ թիւով զէնք ռազմական գործողութիւններէն առաջ, որպէսզի համոզուինք, որ անոնք ունին այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է պաշտպանուելու համար»- ըսած է Պլինքըն New York Times-ին տուած հարցազրոյցին: