image

«Որքան կարիքը ունինք Հուրիկի ներողամիտ ժպիտին...».Հուրիկ Ֆուռնուզեան հողին յանձնուեցաւ

 «Որքան կարիքը ունինք Հուրիկի ներողամիտ ժպիտին...».Հուրիկ Ֆուռնուզեան հողին յանձնուեցաւ

Օրեր առաջ գրած էինք ամերիկահայ (արմատներով՝ Լիբանանէն) Հուրիկ Ֆուռնուզեանի մահուան մասին։

 10 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է հանգուցեալի վերջին յարգանքի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը։ 

Այս առումով ալ հանգուցեալի հարազատները կատարած են գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Այսօր, հոծ բազմութեամբ, հողին յանձնեցինք մեր բոլորին հրեշտակային բարի Հուրիկը... 🙏վստահ եմ շատերս այնքան քաղցր յիշատակներ ունինք և անձնական և կազմակերպական որոնք տակաւին երկար պիտի յիշենք, մանաւանդ այս դաժան օրերուն երբ ատելութիւնն ու իրարամերժութիւնը նպատակային դարձած են..Որքա՜ն կարիքը ունինք բարեգութ, բարեխոս եւ բարեգործ Հուրիկին բարի եւ ներողամիտ ժպիտին..❤️ Յիշատակդ անթառամ սիրելի ընկերուհիս.. Թող օտար հողը թեթեւ գայ հոգնած մարմնիդ եւ Աստուած հոգիդ լուսաւորէ երկնային լոյսով ❤️🙏։

 

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ յատկապէս անոր ամուսնոյն՝ Տիար Մինաս Ֆուռնուզեանին։