image

«Որպէսզի Եթովպիոյ յաջորդ սերունդը գիտնայ հայութեան մասին».Վարդգէս Նալպանտեան

«Որպէսզի Եթովպիոյ  յաջորդ սերունդը գիտնայ  հայութեան մասին».Վարդգէս Նալպանտեան

Վարդգէս Նալպանտեանի հոր հօրեղբայր՝ Գէորգ Նալպանտեանը, որ դեռ 19-րդ դարու վերջաւորութեան հրաւիրուած էր Եթովպիա՝ ղեկավարելու հայ պատանիներէն բաղկացած փողային նուագախումբը, յետագային հեղինակեց նաեւ Եթովպիոյ ազգային քայլերթը: Անկէ ետք Վարդգէս Նալպանտեանի հայրը շարունակեց զարգացնել երաժշտութեան բնագաւառը այս երկրի մէջ:

Պարոն Վարդգէսը, որ այսօր հայկական ինչպէս փոքր համայնքի ղեկավարը, այնպէս ալ եկեղեցւոյ սարկաւագն ու պատասխանատուն է, ոչ միայն երաժշտութեան, այլեւ մօտ 100 եթովպահայերու ինքնութեան պահպանման խնդիրը վերցուցած է իր ուսերուն: Համայնքի ակումբը, եկեղեցին ու դպրոցը կը շարունակեն գործել, անկախ անկէ, որ դպրոցը ըսենք, չունի աշակերտ:

«Կը պահենք, որովհետեւ հաստատութիւնը պէտք է բաց մնայ, որպէսզի եթովպիացի յաջորդ սերունդը գիտնայ հայութեան մասին, քանի որ ժառանգ ստացած ենք մեր նախնիներէն, եւ ես անձամբ չեմ հաւատար, որ իրաւունք ունիմ մէկու մը նուիրատուութիւնը վաճառելու, որ շատ պատահեցաւ վերջերս Միջին Արեւելքի մէջ: Ես դէմ եմ եւ իմ ներկայութեանս թոյլ չեմ տար, որ պատահի»,- Արեւելքի հետ զրոյցին ըսած է Նալպանտեան:

Անձամբ վերջերս Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի մէջ կայացած «Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայերը» թեմայով գիտաժողովին կը ներկայացնէր այս ամէնը, տպաւորուած վերադարձած է միջոցառումէն, որ նշանակալի էր յատկապէս իրենց համայնքի համար: Ան կ'սէ. «Քանի որ մեր եթովպահայութեան պատմութիւնը տակաւին  կազմուած   հատորով մը չէ  ներկայացուած գրուած եւ ենթակայ է կորսուելու, շատ լաւ առիթ մըն էր, որ այդ պահպանուի եւ գիրքի մէջ հրատարակուի: Հոն Եթովպիոյ մասին խօսողներս 4 հոգի էինք, երեքը թուղթեր ներկայացուցին, եւ ես խօսեցայ ընդհանուր առմամբ «Հայերը Եթովպիոյ մէջ անցեալին եւ այսօր», իմս աւելի ազատ նիւթ էր, միւսները խօսեցան մասնագիտութիւնով: Շատ կարեւոր անդրադարձ մըն էր»:

Ոչ միայն իր նախորդները, այլեւ մեծ Եթովպիոյ փոքրաթիւ հայերու մեծ մասը աչքի  ինկած է որեւէ բնագաւառի մէջ, ըլլայ այդ ոսկերչութիւն, ասեղնագործութիւն, պարտիզպանութիւն, մատենագրութիւն, առեւտուր, արտաքին կապերու զարգացում,  ռազմարուեստ... Նման օրինակ մը բերելով պատմութենէն՝ ըսաւ. «Ունինք հայեր, որ ծառայած են Եթովպիա: 500 տարիներ առաջ Մաթէոս հոգեւորական դիւանագէտը Եթովպիոյ Հելենի թագուհին ուղարկած է Փորթուկալ, ուրկէ Մաթէոս յաջողած է բերել բանակ մը, որ պայքարի Կարմիր ծովի վրայ եւ Եթովպիոյ մէջ ունեցած յաջողութիւններուն համար»:

 

Կրօնական ընդհանրութիւնը յատկապէս նպաստած է հայերու ու եթովպիացիներու բարեկամութեան, որու շնորհիւ այսօր այս երկիրը հայերուն հետ կը վերաբերի որպէս սեփական ժողովուրդներէն մէկը: «Եթէ փողոցը հանդիպիք եթովպիացի մը, կը սկսի եթովպերէն խօսիլ, որովհետեւ վստահ է, որ հայերը գիտեն իրենց լեզուն»:

Այսօր առաջին խնդիրը, որ կը սպառնայ՝ համայնքի դատարկուելու վտանգն է, որուն, սակայն, համայնքի ղեկավարը չի հաւատար մէկ համոզումով. Եթէ պայքարին անոր պահպանման համար, չի դատարկուիր, Եթովպիոյ նոր սերունդը պիտի ճանչնայ հայերը, իսկ այդ կարելի է ընել  քանի մը եղանակով: Անոնցմէ մէկը արդէն նախաձեռնել է. «Ես հաւատացողը չեմ, որ համայնք մը կը վերջանայ, կը կարծեմ, որ հայեր կը մնան Եթովպիոյ մէջ, եթէ նոյնիսկ թիւը պակսի, իսկ ամէնէն կարեւոր գործերէն մէկը մեր հաստատութիւնները բաց պահելն է՝ եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը: Եթէ նոյնիսկ տնտեսական գետնի վրայ տրամաբանական չէ պահելը, բայց մեր ազգային գետնի վրայ, մեր շարունակականութեան համար, մեր պատմութեան համար կը գտնեմ, որ շատ կարեւոր է, որ բաց մնան հաստատութիւնները: Այսպիսով կ'ապահովենք ապագան: Պէտք է նաեւ ունենանք եթովպահայ պատմութեան թանգարան մը, եւ այդ ուղղութեամբ որոշ աշխատանքներ կը կատարուին»,-կը հաւաստիացնէ եկեղեցւոյ սարկաւագն ու պատասխանատուն:

Այս ամէնուն անհրաժեշտութիւնը կը բխի մէկ այլ հանգամանքէ եւս. Հայերու ժառանգութիւնը ատրպէյճանցիներու ու այլազգիներու կողմէ իրենց վերագրելու ձգտումները: Այս հակաքարոզչութեան վերջ տալու յաջորդ՝ արդէն պետական մակարդակով քայլը պէտք է ըլլայ դեսպանութեան հիմնումը: Նալպանտաեան ըսած է. «Ատրպէյճանը Եթովպիոյ մէջ դեսպանատուն ունի եւ շատ մեծ քարոզչական գործունէութիւն կը տանի, ու մեր պատմութեան մեծ մասը իրեն վերագրած կը պատմէ, նոյնը Վրաստանի հետ, չունենալով դեսպանատուն՝ լաւ մակարդակի պայքար չենք տարած, բայց եթովպացիները լաւ գիտեն հայերու դերը»:

Անկախ վերջին փաստէն, որ եթովպիացիները լաւ կը ճանչնան հայկական արժէքները եւ չեն փորձեր իւրացնել, Վարդգէս Նալպանտեան շարունակաբար հարցը կը բարձրացնէ: «Երբ Հայաստան այցելած եմ, միշտ հարցը բարձրացուցած եմ, որ անհրաժեշտ է Եթովպիոյ մէջ դեսպանութիւն բացուի, ոչ թէ որովհետեւ հոն հայ կայ, այլ Ատրպէյճանին, Վրաստանին, Ղազախստանի դեսպանութիւններու կողքին Հայաստանի ներկայութիւնը կարեւոր է, բայց համայնքի գործերէն դուրս է, Հայաստանի պետական գործերուն մաս կը կազմէ, բայց ամէն Հայաստան այցելելուս այս հարցը կը բարձրացնեմ, մինչեւ հիմա դրական պատասխան չեմ ստացած, բայց յուսամ՝ կը լուծուի»,-հաւատքով շեշտած է նուիրեալ եթովպահայը: