Անգարան արդէն յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու հանդիպում ընդունելու պատրաստակամութեան մասին, սակայն այդ ուղղութեամբ յստակութիւն դեռ չկայ։ ՌԻԱ Նովոսթիին այս մասին ըսած է Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրը։
Աւելի վաղ Սերգէյ Ռիապքով յայտարարած էր Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու նոր հանդիպման մասին։
Յիշեցնենք, որ 18 փետրուարին Ռիատի մէջ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններ կայացած են: