Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսոմ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն խնդրած է 40 միլիառ տոլար անտառային հրդեհներէն յետոյ նահանգի վերականգնման համար։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ Washington Post-ը։
Նահանգապետն ըսած է, որ Քալիֆորնիոյ տնտեսութեան վրայ հրդեհներու ազդեցութիւնը լիովին գնահատելու համար տարիներ պէտք են:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Քալիֆորնիոյ հրդեհներու վնասը կը գնահատուի հարիւր միլիառաւոր տոլարներով։
Յիշեցնենք, որ հրդեհները սկսած էին 7 յունուարին եւ կը համարուին ամենամեծը նահանգի պատմութեան մէջ։ Իշխանութիւններու տուեալներով՝ հրդեհի մակերեսը գերազանցած է 16 հազար հեկտարը։ Մահացած է 25 մարդ։ Օդերեւութաբանները հրդեհի արագ տարածման պատճառը կը համարեն չոր ու քամիոտ եղանակը։