Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պէտք է հանդիպի իր ուքրանացի գործընկեր Վլատիմիր Զելենսքիի հետ՝ քննարկելու Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։
«Կը կարծեմ նախագահ Փութինն ու նախագահ Զելենսքին պէտք է հանդիպին։ Ես կ'ուզեմ տեսնել հրադադարը եւ կ'ուզեմ տեսնել գործարքի կնքումը»,- ըսած է Թրամփ:
Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, որ Զելենսքիի ներկայութիւնը ռուսերու հետ բանակցութիւններուն, այնքան ալ կարեւոր չէ։