image

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #29 - Ռուբէն Ճանպազեան

Եկէք Անկեղծ Խօսինք #29 - Ռուբէն Ճանպազեան

Տարիներու ընթացքին հայ մամուլին մէջ համատարած երեւոյթ դարձաւ արտատպութիւնը։ 

📰Կարծէք մրցումի ելած են մեր թերթերը, թէ ո’վ աւելի շատ պիտի արտատպէ։ 

Լեզուն գործածելու ատեն չպէտք է վախնանք։

Լեզուի «սրբադասումը» միայն վնաս բերաւ մեզի։ 

🇨🇦Ես Գանատա ծնած մեծցած եմ, եւ այդ մէկը անկարելի է հերքել կամ ատկէ խուսափիլ։

🇦🇲12 տարեկանիս առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի,  եւ այդ այցելութիւնը զիս կապեց այս երկրին։

Հայաստանը երկիր մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կրնայ ծաղկիլ։

Եւ մեր լեզուն ծաղկեցնելու համար ահագին գործ կայ ընելիք։

⭕️Այս բոլորին մասին  լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ  հրապարակախօս, «ԹորոնթօՀայ» թերթի խմբագիր՝ Ռուբէն Ճանպազեանին հետ։